Jump to content

Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/41

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

Ո՞վ չէ գրած ձեր մասին, սփիւռքէն Երուանդ Հ. Քասունիէն ետք՝ Համօ Սահեան, Թորոս Թորանեան, Գեղամ Սեւան, Դեւ Թեհրանէն, Վախտանգ Անանեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Բոգդան Ջանեան՝ Ստեփանակերտէն, Վիգէն Խեչումեան՝ մեր Մատենադարանի խուզարկուն, Ազատ Եղիազարեան, Սեւակ Արզումանեան, Արամ Հայկազ՝ Նիւ Եորքէն, Յովհաննէս Մելքոնեան՝ ձեզ Բարի Արեւ կոչելով, Հրանտ Թամրազեան գրաքննադատը, Գէորգ Արշակեան մտերիմդ, Հրանդ Գույումճեան Անվերսէն, Ցակոբ Օրմանճեան, Կիմ Աղաբէկեան, Սերգէյ Սարինեան, Աւետիս Եափուճեան, Սերօ Խանզադեան, Լիւդվիկ Դուրեան, Կարլէն Դանիէլեան, Արամ Գրիգորեան, էմմա Սերգէեւա, Արշալոյս Ղազինեան, Անահիտ Սահինեան։ Երեսուն գրող։ Շարունակե՞մ...

Ահա՛ Ձեր հանդէպ երգիծական գրիչով հանդէս եկած է գրողներու ամբողջ շարք մը։

Գիրքը հարստացած է ծանօթագրութիւններով։ Ու այս հարուստ մատենագիտութիւնը կը փակուի Մկրտիչ Սարգսեանի գրիչէն բանաստեղծութեամբ մը.

Քո կեանքը հարթ չի անցել, անկում, վերելք է եղել,
Եւ չի շոյել բախտը քեզ՝ խինդիդ մէջ վէրք է եղել,
Ցաւիդ մէջ՝ դառը ծիծաղ, կատակիդ մէջ՝ արտասուք.
...Եւ բոլորը, բոլորը քեզ համար երդ է եղել։

Կեանք մը՝ Հայաստանով շնչող։

Ինչպէ՜ս չուրախանալ ոսկի արուեստով։

Երեւան, 2.11.2015