Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/108

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

երբեմն կը ժպտի, երազներէ քաղուած ժպիտ: Երկրորդը դադրած է շրթունքները շարժել է, երկու ձեռքերը ամուր խրած է տափատի գրպաններուն մէջ եւ կարծես բան մը կը փնտռէ:

—Չի գտներ, կ՚ըսեմ մտովի, չի գտներ, կ՝երեւի այնտեղ, այդ մութին մեջ որ գրպան կը կոչուի, մատները կը ճմռէ, վերը, ուրիշ մութ տեղ մը սիրտն ալ կը ճմռուի: Կ՚երեւի այս կիծկումներէն ինքնաբերաբար գլուխը կը շարժէ, միայն գլուխը կը շարժէ:

—Այսպէս քառորդ մը կը գիտեմ զիրենք:

—Ըրածս սրիկայութիւն է, կը մտածեմ, ու այս մտածումէս զսպանակուած կը դիմեմ դէպի ընկերներս:

Բարեւս ամպը ճեղքող արեւ մըն է:


Կարճ դադար: Ձեռքերու սեղմում:

Ընկեներէս առաջինը, որ անդադար կը խօսէր եւ որ դադրած է այժմ խօսելէ, անգործ է: Երկրորդը, որ գլուխը կը շարժէր, լաւ գործ ունի:

Ուրեմն երկրորդն է այս անգամ խօսողը:

— Երկու ժամէ ի վեր Անդրանիկին լաւ խորհուրդ մը պիտի տամ, բայց չի ձգեր որ բերանս բանամ: Խօսքով գամեց զիս այս անկիւնը: Եղբա՜յր, երկար—բարակ ծրագիրներ կը պարզէ, դղեակներ կը շինէ, գործնական պէտք է ըլլքլ, գործնական, իմ հայրս միշտ կ՚ըսէր՝ նեղ դռնէն անցնելու համար փորդ քիչ մը ներս պիտի քաշես, այս է աշխարհի օրէնքը:


Անդրանիկ, ահա այ՛ս պիտի ըսէի, բարեկամ, այս նեղ օրերը կ՚անցնին,՝ նեղ դռնէն անցնելու համար քիչ մը փորդ ներս քաշէ,ցտեսութիւն, կը տեսնուիք:

Գասպարը հեռացաւ օդին մէջ ձեռքը շարջելով:

Յայտնօրէն թեթեւցած էր:

Անդրանիկը այս անգամ.

—Ծօ՛ սրիկայ, Գասպար, փոր մնացեր է որ նես քաշեք: Ահա այս ցաւը պիտի քաշենք, այն ալ եզի պէս պիտի քաշենք, քանի որ իմ հայրս ալ կ՚ըսէր՝ տղա՚ս, բայց դրամ՝ երբե՚ք:

Մենք ալ ցը մը կախեցինք օդին մէջ ու բաժնուեցանք մինչեւ նոր տեսութիւն: