Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/107

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

է՛հ փարիզեան օրեր, հին ընկերներ: Ձեզ կրկին տեսնելով ես իմ աչքիս բարձրացայ. սկսայ ես ինծի աւելի կարեւորութիւն տալ: Ամէն օր կը մտածէի թէ ես ով եմ, ինչ ըրած եմ, որ հին մանկութեան ու պատանեկութեան ընկերներուս այդքան ջերմ գուրգուրանքին կարժանանամ:

Մէկ խոսքով, հաճելի է այս զգացողութիւնը:

Փարիզի մեջ, մենք, խոմբ մը հայ տղաք, մոռցանք Փարիզը, վերագտանք մեր մանկութիւնը: Հայկական մանկութիւն մըն էր յարութիւն առնողը եւ կ՚երեււի թէ ինչ որ յարութիւն կ՚առնե, կը գօտեպնդէ մարդը, ինչ որ կը մեռնի, կը տխրեցնէ:

Մահ, կեանք, յարութիւն:

Մէյ նըն ալ երբ Փարիզ կրնամ երթալ: Կրնա՞մ երթալ արդեօք: Գործս, արհեստաւորի կեանքս, ինծի կը շնորհե՞ն այդ առիթը: Սխալ չհասկնաք, Փարիզը կրկին տեսնելը աւելորդ չէ երբեք, բայց այդ չէ զիս վառողը, ընկերներս են, որոնց հետ ապրելով երեք շաբաթ, մենք վերագտանք մեր մանկութիւնը:

Այսպէս պատմեց հալէպցի, հօր կողմէ խարբերդցի Կարոն:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Փողոցի մը անկիւնը, նկատի ունէցեք Հալեպի փողոցներէն որեւէ մէկը, երկու ընկեր կը խօսին: Երկուքն ալ ծանօթ են ինծի: Երկուքն ալ իմ պատանեկութեան ընկերներս են:

Ես հեռուն կեցա կը դիտեմ զիրենք:

Մէկը յուսահատ ձեւերով կը խօսի, ձեռքը պարզելով աջ ու ձախ, մտիկ ընողը երբեմն շրթունքները կը շարժէ. կերեւի թէ «այո» կ՛ըսե, երբեմն ալ՝ իրաւունք ունիս: Առաջինը անդադար կը խօսի, երկրորդը անցնորդներուն կը նայի, փրկութեան լաստ մը կը փնտռէ, ուրիշ ծանոթ մը որ զայ իր բարեւով վերջ տայ անհաճելի հանդիպումին: Չօրս կողմ կը նայի, հակառակի նման իր սպասածը, այսինքն ոեւէ ծանօթ, չի գտնե, յուսահատական է իր վիճակը:

Երկու յուսահատական վիճակ կ՚ըսեմ մտովի:

Առաջինը կը շարունակէ խօսիլ, կ՚երեւի ծրագիրներ կը պարզե,