Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/28

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Բերուած փաստերը չէին համոզեր Հրաչը, որ կը շարունակէր մնալ իր տեսակէտներուն վրայ:

Անցան ամիսներ: Ղազարեաններուն ուրախութիւնը գունաթափուեցաւ: Ուրախութեան աւետիսը տխուր ղօղանջ դարձաւ: Հրաչ ոչ միայն չէր վերադառնար, այլեւ կը լռէր սֆինքսի նման: Չէր գրեր այդ միակ երկտողէն ետք, որ երազի տպաւորութիւն կը ձգէր այլեւս:

Ու օր մըն ալ նամակ մը.

— Երեւանցի Հրաչը ծանր հիւանդ է, իր հարազատներէն մէկը գոնէ թող հասնի այս պանդուխտին:

Երեւանի մէջ իրար անցան Հրաչին հարազատները, ամէն ջանք ի գործ դրին եւ գերդաստանէն մէկուն ելքի վիզան ապահովեցին դէպի Պէյրութ:

Ճամբորդութեան օրն ու ժամը որոշուած էր, երբ յանկարծ, ա՜խ այդ անիծեալ «յանկարծ»ը, հեռագիր մը.

—Կեանքը ձեզի բաշխեց Երեւանցի Հրաչը. բժիշկները քաղցկեղ յատնաբերեցին իր հաստ աղիքներուն մէջ:

Լոյս մը մարեցաւ Պէյրութի մէջ, Հայութեամբ բաբախող պանդուխտ լոյս մը:

Լոյսերը մարեցան Երեւանի մէջ: Ղազարեանները հայրենական պատերազմէն քսանհինգ տարի ետք խոր սուգի մէջ մտան…

Չէր վերջացած սուգը երբ նոյն Պէյրութէն հասաւ հաշուեցոյց մը, Հրաչի հիւանդանոցային հաշուեցոյցը:

Հաշուեփակը պէտք էր ընէին Հրաչին… հարազատները, ա՛յն հարազատները, որոնք զինք չէին տեսած ամբողջ 25 տարի, այն հարազատները, որոնք իրմէ տող մը ժպիտ չէին ստացած, պէտք էր վճարէին հազար երեք հարիւր լիբանանեան:

Բայց ուրկէ՜ այդ գումարը:

Հրաչը տուն չունէ՞ր, գաղութը գութ չունէ՞ր, Երեւան նստած Հրաչին զաւակները, որոնք չէին ալ յիշեր իրենց հայրը, ինչպէ՛ս գտնէին արտասահմանեան դրամ ու ղրկէին Պէյրութ…