բոլորը քեզ կը սպասեն, բոլո՛րը. այս ալ ահաւասիկ նամակ մըն է էմմայէն: Երեւանի մեր տան մէջ գրեց, աղի արցունքով գրեց:
Հրաչ, կնոջը նամակը իր ձեռքին մէջ քամիին առջեւ անպաշտպան գտնուող տերեւի մը պես կը դողայ, կը փորձէ կարդալ այդ ծանօթ ձեռագիրը, բայց աչքերը կը խոնանւան, կը պղտորին, ու արցունքը կ՚իջնէ ուլունք-ուլունք...
—Հիմա, — կ՚ըսէ Ամինէն, — հիմա՛, հիմա՛ կ՚ուզեմ որ պատասխանես: Վաղուան համաձայն չեմ: Ա՛ռ սա գրիչը ու անմիջապէս պատասխանէ Էմմային, մօրդ, քրոձդ, զաւակներուդ, որոնք ամբողջ 25 տարիներ քու ձայնիդ կարօտովը մաչած են, քեզի՛ սպասած են...
⁂
Այդ երկտողը եղաւ փոթորիկ, այդ երկտողը եղաւ կանչ յարութեան Նոր Արաբկիրի բարձունքին վրայր օգոստոսեան գիշեր մը, մթութիւն չճանչող գիշեր մը:
⁂
Այդ գիշեր, Հրաչ շարեց իր սիրելիներուն նկարները իր պանդուխտի տան սեղանին ու, ինչպէս յաճախ, առանձին խմեց այդ օր ալ ոչ թէ մէկ բաժակ չմարող կրակ, այլ երկու ամբողջ շիշ օղի:
Այդ գիշեր Հրաչին բարձը անբողջութեանբ թրջուեցաւ:
Այդ գիշեր Պէյրութ-Երեան նոր կամուրջ մը կամարուեցաւ:
Ուրեմն էմման ամուսնացած չէ:
Հրաչն ալ չէ ամուսնացած:
Բայց էմման երեք զաւակ մեծացուցած է:
Երեք հարս բերած է տուն:
Տասը թոռնիկ առած է իր թեւերուն տակ: Էմմա՜...
Արմինէի յորդորները արդիւնք չտուին: Երեւանցի Հրաչը կը կրկնէր իր տեսակէտը. — Որքան ալ Խորհրդային իշխանութիւնները յայտարարած ըլլան թէ ներում շնորհած են հայրենական պատերազմի ընթացքին գերի ինկող զինուորներուն, որքան ալ ըսեն թէ այդ նախկին զինուորները ազատ են տուն դառնալու, այնուամենայնիւ եթէ մէկը փորձէ դառնալ... կը նալեն: Նապասատակի անեքթոտը կը կրկնուէր: