քիչ մը սպասեցին, որպէսզի աւտոպուսը լեցուի եւ ուղեւորուեցան դէպի Աշտարակեցիի ծննդավայրը:
Երկու ընկերներ իրարու մօտ նստած էին:
Տաւրոսը մնացած էր առանձին իր խոհերուն հետ: Աշտարակ կ՚երթային: Այս անունը անպայման Հայուն կը բերէ Դեդուխեանի «Ծիծեռնակը» — «Անդ շինիր քո բոյնը, հայերենի կտուրի տակ»: Այս անունը Հայուն յիշել կու տայ նաեւ գրող Վարդկէս Պետրոսիանը—չէ՞ որ Վարդգէա Պետրոսեանն ալ ծնած է Աշտարակի մեջ: Շատ ուրիշ մտաւորականներ ալ տուած է Աշտարակը. բայց Տաւրոսը շատ կ՚ուզէր շուտ հասնիլ Աշտարակ ու գոնէ քանի մը րոպէով տեսնել Վարդագէս Պետրոսեանի հարիւրամեայ մեծ-մայրը, որուն ժպիտը այնքան գեղեցիկ էր, արեւամարի շողարձակումով եւ որ առասպելականացնել գիտէր հայուն զօրավար Անդրանիկը:
Աւտոպուսը քրտնեցւ ու քրտնեցուց իր ճամբորդները, բայց հասաւ Աշտարակ: Քասախ գետը քաղաքի մուտքին կ՚անցնէր հնօրեայ ու չծերացող ապառաժներուն համբոյր տալով: Նոյն մուտքին վրայ նոր ճաշարանի մը ընդարձակ պատշգամբը ամպհովանի մըն էր կարծէք գետին համար: Երեւցան պոպոքի ծառերը, այսինքն՝ ընկույզի ծառերը:
Բոլոր ճամբորդները վրա իջան:
—Սուրի՛կ, Սուրի՛կ ջան, ի՜նչ ենք անելու էստեղ:
—Պոպոք ենք խաղալու. ահա թե ինչ: Գնալու ենք Ուջան, ի՞նչ ենք անելու:
—Յատուկ աւտույ կա՞յ:
— Յատուկ աւտոյ չկայ: Ուջանը աշխարհի կեդրոնը չի: Բայց երեւի բեռնատար կը ճարուի: Օտար աշխարհում չենք, ա՛յ տղայ, չէնք կորչի, մի վախենայ, մի կերպ մենք մեզ կը գցենք Ուջան:
Այդ «մի կերպին» համար ժամ մը անցուցին Աշտարակի մէջ, բայց Տաւրոս չկրցաւ տեսնել Պետրոսեանի մեծ-մայրիկը: Ի վերջոյ բառնատար մը զիրենք նետեց Ուջան:
Ուջանը բլուրի մը կողին է: Մինչեւ գիւղը կանոնաւոր ճանապարհ չկայ. այդ կը վկայեն փոշիի ամպերը, որոնք կը խտանան քանի մը մարդահասակ բարձրութեամբ գիւղ մտնող իւրաքանչիւր ինքնաշարժի հետ:
Գիւղին տուները զբոսանքի ելած աշակերտներու կը նմանի, որ կը բարձրանան բլուրն ի վեր՝ չարաճճի վազքով մր: Կան բարտիի ծառեր, որոնք ամպի ծուէնի մը հետ պահմտոցի կը խաղան, կան պաղատու ծառեր, կայ գլգլան ջուր ու կա՛յ ժողովուրդ: