Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/119

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

որ հին ոյժը ունի, հոն կայ նաեւ մեր աւանդութիւնը, իսկ հոն ուր միայն նոր սերունդի ներկայացուցիչներ են, աւանդութեան դիմաց բացակայ կ՚արձանագրուի:

Ընտանիքով մօրս տունն ենք: Բոլորս կը համբուրենք մօրս եւ հօրս ձեռքը՝ Շնորհաւոր Նոր Տարի ըսելով: Փոխադարձ համբոյրներ, փոխադարձ մաղթանքներ: Սեղան: Անուշեղէններ:

Իրա՞ւ մենք Հայերս ուրախանալ չենք գիտեր, թէ միշտ ալ գտնուած են ոյժեր, որոնք լեղի խառնած են մեր ուրախութեան բաժակին:

Մայրս է դարձեալ.

—Տղա՛ս, այդ տեսարանները աչքիս առաջեւէն չեն երթար:Առաջին տարագրութեան՝ 5-6 տարեկան հազիւ կայի: Ըսածեմ քանզի թէ մայրս զիս քրտուհիի մը յանձնեց ու մեկնեցաւ: Ուրիշ աղջիկներ ալ կային գիւղին մէջ մնացած: Մարիամը ինձմէ մեծ էր, հօր ու մօր անունները գիտէր միայն—Գրիգոր եւ Ազնիւ: Յաճախ միասին կ՚ըլայինք: Օր մըն ալ ձեռք-ձեռքի տուած գացինք Ներսթս Շնորհալիի բերդը. մեր գիւղին մօտ էր, Հռոմկլան: Երկու հայ աղջիկ, նստածԵփրատի եզերքին ալիքները կը դիտէինք: Խելքերնիս ոչ մէկ բանի կը հասնէր, չէինք գիտեր աշխարհի չարն ու բարին: Ալիքներու ոչմէկ բանի կը հասնէր, չէինք գիտեր աշխարհի չարն ու բարին: Ալիքներու վրայ մարդեր կը տեսնէինք. մինչեւ իրիկու անցան այդ մարդերը, Մարիամը՝ «Սա հայրս է» կ՚ըսէր, «սա մայրս է, կը լողան, տ՛ս, կը լողան, ինչո՞ւ ափ դուրս չեն գար»: Ես ալ սկսայ՝ «Սահայրս է, սա մայրս է» պոռալ, աւելի մայրեր կ՚անցնէին: Հայր-մայ կանչելէն իրիկուն եղաւ: Վերջը, շա՛տ վերջը հասկցանք թէ անոնք բոլորը հայ մայրեր եւ հայ հայրեր էին, անոնց դիակները: Դիակներ: Մենք ինչպէ՛ս մոռնանք այդ տեսարանները:

Հայրս է այս անգամ:

— Զարմանալի մարդ ես, կնի՛կ, Նոր Տարուան գիշերով փոխանակ զաւակովդ, հարսովդ, թոռնիկներովդ ուրախանալու, նստած ռեֆէրպեյլիքիդէպքեր կը պատմես:

—Պիտի պատմեմ. հիմա չպատմեմ ե՞րբ պատմեմ: Թո՛ղ այս պզտիկներն ալ իմանան Թիւքին մեզի ըրածը: Աստուած թշնամիիս գլխուն չբերէ ինչ որ մեր գլխուն եկաւ: Մենք մեր մանկութենէն Նոր Տարի չտեսանք: Այդ տեսարանները միշտ մեր աչքերուն առջեւ են:

Հիմա ալ կնոջս ծնողքին մօտ ենք: Շնորհուո՛ր Նր Տարի: Համբոյրներ:

Երեւանը կը շարունակէ խօսիլ: Ելոյթ կ՚ունենայ Նագուշ