Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/32

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

մէկ օրէն միւսը կը լքես զիս, կը մոռանաս տասնհինգ տարուան կեանք ու կը մեկնիս որպէս թէ ապրած չըլլայիր ինծի հետ, երիտասարդ տարիներս քեզի տուած չըլլայի երբեւէ: Ի՜նչպէս կը մոռանաս այս բոլորը, ըսէ՛, ինչպէ՜ս: Բայց չեմ հաւատար, դուն իմ խելօքիկ Խաչիկս ես, այստեղ կը մնաս, կ՚ապրինք միասին, ու մեր կեանքին վերջալոյսը Վոսփորի գոյները կ՚ունենայ, ինչպէս անցնող տարիներուն: Ո՜չ, ո՛չ, դուն չես լքեր զիս…

—Ես չեմ լքեր քեզ, այո՛, միասին կը տանիմ: Ամէն ինչ կը ծախենք ու Վարդանն ալ միասին առած կը մեկնինք Հայրենիք: Ի՜նչպես կրնամ մոռնալ մեր միասին անցուած տարիները. չէ՞ որ միշտ ալ կրկնած եմ թէ միասին պէտք է երթանք:Ես քեղմէ չէ որ կը փախչիմ, սիրելիս, ես կ՚ուզեմ որ մեր Հայրենիքին միանանաք երեքս մէկ:

—Անկարելի է քեզ տարահամոզել: Տարօրինակ մարդ ես: Վերջին հայրենասէրը բովանդակ Իսթանպուլի մէջ: Գոնէ որպես զբօսաշրջիկ գնա՛, գնա՛ դիտէ տես, եթէ յարմար է նոր միայն որոշէ, որոշենք վերջնական փոխադրուիլ:

—Վերջապէ՜ս, վերջապէս զիջում ցոյց տուիր մեր հայրենիքին նկատմամբ:զբոսաշրջիկ երթալ… մարդ իր հայրենիքը որպէս զբոսաշրջիկ:

Խաչիկին անցագիրը պատրաստ էր արդէն: Իսթանպուլը երեւանին կապող ուղիղ գիծ մը չկար: Իր առաջին հանդրուանը պեյրութը պիտի ըլլար:

Մեկնումի նախօրեակին յուզումնառատ օր մը ապրեցաւ Խաչիկ: Սկիւտարէն իջաւ եւրոպական ափ: Դիտեց ծանոթ ծովը, դիտեց ճամբորդները տարաշխարհիկ երեւոյթով մը: Իջավ Բերա, հանդիպեցաւ մի քանի բարեկամներու, հանդիպեցաւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին, վար իջաւ և հանդիպեցաւ թիւնել, դարձեալ իջաւ ծովափ, Մեծ Կղզին կը քաշէր զինք,Պէօյի՜ւք Ատա,երիտասարդութիւն մը անցուցած էր այստեղ,այս ձիակառքերւ կղզիին մէջ,ուր արեւելքն ու արեւմուտքը զիրար գրկած կ՚ապրին, ուր ափ մը ցամաքը ծովը գըրկած կ՚ապրի, ուր ծովը ցամաքին փաթթուած կ՚ապրի:

Վերադարձ, Տօլմապահջէ, Կեդրոնական դպրոց, բարեւներ ծանօթներու… ուշ ատեն հասաւ Քաբալը Չարչը, երբ իրենց խանութը փակուած էր արդէն, քիչ մը պտըտեցաւ Էմին էօնիւիի հրապարակին վրայ, բարձրացաւ «Կիկոյի կամուրջ»ը դէպի, դիտեց անցորդները, դիտեց երեկոն, ապրեցաւ երեկոն, ու երբ աստղերը ցերեկուան