Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Դերձակ Գրիգոր ափսոսանքով կը նայի ոտքերուն տակ ճզմուած սիկարէթներուն, յիսուն տարուան իր բարեկամներուն ու կ՚աւելցնէ.

—Ծօ՛ լակոտ, կինս ու լակոտներս տարիներով հալածեցին զիս, բայց չկրցան յամառութիւնս կոտրել. քու մէկ խոստումդ ջիղերս թունդ հանեց: Հիմա քեզ տեսնեմ, զիս սեւերես չհանես. ծօ ի՝նչ ըսի, դուն սեւերես չելլե՜ս:

Այս դէպքէն ետք սահեցան երեք տարիներ: Դարձեալ Փարիզ եմ. կրնա՞մ չհանդիպիլ Գրիգորին եւ Արմէնին: Չեմ կրնար:

Գրիգորն է աւետողը ինծի, թէ Արմենը ո՛չ միայն ամուստացաւ այլեւ տղայ մը ունեցաւ: Տղան արդէն լեզու ելած է ու Արմէն իր տղուն հետ հայերէն կը խօսի: Ու կ՚աւելցնէ. — Չէ՞ր արժեր, չէ՞ր արժեր որ վաթսուն տարուան թշնամինս կոխկռտէի այս տեսակ խոստումի մը դիմաց: Խոստո՛ւմ, որուն շատ ալ չհաւատացին օրին, բայց որ իրականութիւն դարձաւ:

Փարիզ, Լաֆայէթ փողոցին վրայ, սրճարանի մը մէջ բաժակ մը գարեջուր կ՚առնենք Արմէնին հետ: Իր առաջին խօսքը Վարպետ Գրիգորին մասին է: — Չծխեց, կ՚ըսէ, այն օրէն ի վեր չծխեց, բայց գիտե՞ս ինչ բանի վերագրեց իր առած քայլը, որպէսզի, կը պատճառանէ, քանի մը տարիով երիտասարդանայ, որպէսզի քանի մը տարի նոր սերունդին Հայն ու Հայաստանը յիշեցնէ, երկրին մասին խօսի, այլապէս սա օտարութիւնը նոր սերունդը կը խեղդէ: Ու կը շարունակէ. — Իսկ իմ նոր գործս, վէպ մըն է, յանձնած եմ հրատարակութեան: Ծանրացած եմ ֆրանսահայ երիտասարդութեան ներկայ վիճակին վրայ:

Յանկարծ կը հարցնէ.

—Ի՛նչ կը խորհիս, Հայաստանը մեր մասին կը մտածէ՞...

-Անշուչտ կը մտածէ:

-Եթէ կը մտածէ, ինչպէ՞ս, ո՛ւր է. ահա մենք կը մեռնինք այստեղ, Փարիզի սա մայթերը մեզի քնաբեր օրօր կ՚ըսեն, կը մեռնինք ամեն օր, ամէն ժամ. թող օգնութեան հասնի, ո՛ւր է, մեր մեռնելէ՞ն ետք պիտի մտածէ մեր մասին: