Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/46

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ընկերներ

Մելքոնը հայկական նախակրթարանը չաւարտած արաբական դպրոց մտաւ:

Այդ օրերուն, տարին 1935 էր, տարօրինակ երեւոյթ էր հայ պատանեակի մը արաբական դպրոց երթալը Պէյրութի մէջ:

Ամէն մարդ կարծիք մը ունէր այս մասին: Հայկական դպրոց մը չաւարտած արաբական դպրոց երթալ: Վա՝խ, վա՛խ, խե՜ղճ Մելքոն, հայերէն լեզուով նամակ մը գրել անգան պիտի չգիտնայ:

Իսկ Մելքոնին ծնողները հպարտութեամբ կը յայտարարէին. Կ՚ապրինք արաբական երկրի մը մէջ. թո՝ղ մեր Մելքոնը երկրի լեզուին տիրապետէ. հայերէնը տան մեջ արդէն կը խօսինք, հայերէն լեզուով գիրքեր ալ ունինք, կը կարդայ, կը զարգացնէ մայրենի լեզուն:

Մելքոնը թէեւ գէր, բայց շատ աչխոյժ տղայ մըն էր: Կը սիրէր իր նախկին դպրոցէն եղող ընկերներ. ու արաբական դպրոցը մօտ ըլլալուն, կէսերուան երկար դադարաներուն կու գար խաղալու իր ըներներու հետ:

Սկիզբները այս փորձը ամէն օր կ՞ընէր: Բայց հետզհետէ կրճատուեցան այցելութիւնները եւ տարի մը ետք ալ չէր այցելեր հայկական դպրոցը: Չէր այցելեր, բայց պատանեկան մտերմական կապ