Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/75

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

տալու համար միայն ծնած եմ: Կը հասնիս բոլորին, բոլորին մասին կը գրես, բոլորին հետ օրերով, շաբաթներով կը խօսիս, կը գրես բոլորինն մասին եւ օր մը չտրամադրե՞ս մօրդ: Սանկ ծունկիս մօտ չնստիս որ քեզի պատմեմ թէ դժբախտ մայրդ ինչպէս օր ու արեւ չտեսաւ այս կեանքէն, թէ ի՜նչպէս մայրդ, մատ մը մանուկ, յանձնուեցաւ իր իսկ մօրը ձեռքով Քիրտերուն, որպէսզի ապրէր. ապա ի՜նչպէս մեծցաւ, հայրը գտաւ զինք, օսմանեան ցերեկները պահուըտելով քարայրներու մէջ, ժայռերու ետին ու գիշերները ճամբորդելով, յոգնած հօրը ուսերուն վրայ, այս մատ մը, մատ մը մանուկը ազատեցաւ, եկաւ Սիւրիա, մեծցաւ, մայր դարձաւ ու ծնաւ քեզ:

—Պիտի գրեմ, մայր:

—Պիտի գրե՜ս: Ե՞րբ պիտի գրես: Միշտ զբաղված ես, միշտ զբաղված: Վազքի մէջ ես: Պէտք է նստիս մօտս, պէտք է պատմեմ քեզի պատմութիւնը սպիտակած մազերուս, որպեսզի կարենաս գրել. այսպէս ի քննեցի զինք: Սիրտին զարկերը բնականոն են: Զարկերակային արեան ճնշումը՝ նոյնպէս:

—Գլխաւորը լաւ է, մայր իմ, սիրտդ լաւ կ՚աշխատի Մի՛ վախնար, ժամանակ կայ թէ՛ գրելու:

— Ժամանակ կա՜յ, ժամանակ կա՜յ: Բժիշկ ըլլալով հանդերձ չես գիտեր թէ ի՛նչ ըսել է ժամանակ: Մենք բոլորս ալ կանք ու չկանք, որովհետեւ մահը պահուըտած է մեր յօնքերու ու թարթիչներուն միջեւ. գիտե՞ս այդ տարածութիւնը ահա այդ է զոր գիտնականները կամ ուսում տեսած աշակերտները ժամանակ կը կոչեն: Ժամանակ կայ եղեր: ժամանակը հիմա է. վաղը չէ, քիչ վերջը չէ:

Ոտքերուն համար դեղեր տուի մօրս, համբուրեցի երեսները ու դուրս եկայ:

ՆԵՐԷ

— «Ներէ» կ՚ըսես, «ներէ» կ՚ըսես, բայց ես ներելու համար պէտք է գիտնամ թէ ի՝նչը պիտի ներեմ որչա՝փ պիտի ներեմ, ինչ քանի համար պիտի ներեմ:

Յանցանք մը կայ, ահաւոր յանցանք մը, ահաւոր զիս մինչեւ