Էջ:Հայբուսակ.pdf/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է



ՆԱԽԱԴՐՈԻԹԻԻՆ


Երբ երկու տարի առաջ սկսաւ, եւ հետ զհետէ հրատարակեցաւ մասն ﬕ գրոցս ի Բազմավիպի, իսկութեանն համեմատ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՈԻՍԱԲԱՌՈԻԹԻԻՆ անուանեցաւ, ինչպէս բացատրուած է ի Յառաջաբանին․ գիրքը յիշելու համար՝ այդ անուան երկարութիւնն ծանր գալով՝ հիմայ դիւրացնեմք՝ կոչել ՀԱՅԲՈԻՍԱԿ։

Որչափ այլ բառական ըսած էինք ﬔր խնդիրը, ընթերցողք տեսնեն որ ոմանց անուանց սահմանն բառականէն անցեր է ի բնական եւ բանական․ գրեթէ անկարելի ըլլալով այնպիսի սիրուն եւ դալար նիւթոց բացատրութեան ատեն՝ կերպով ﬕ անզգայ եւ ցամքած մնալ․ յուսամք որ դարձեալ ﬔր չափէն շատ հեռացեալ չհամարին զմեզ, այլ եւ ﬕաբանին, թէ, շատ զօրաւոր է ազգեցութիւն բուսականսւց յաչս, ի միտս եւ ի սիրտ մաբդկան, եթէ ասոնք խանգարեալ չեն ի նմա։ Եւ ինչպէս բուսականք ի լինելութեան արարածոց՝ անդրանիկք գրուին ի գործարանաւորս եւ իբր միջնորդք անկենդանեաց եւ կենդանեաց, այսպէս եւ գերազանցեն ի գեղեցկութեան եւ ի պիտանութեան կամ օգտակարութեան ․ թէ ի սնունդ մարդկան եւ անասնոց, Թէ իբրեւ դեղ, թէ իբրեւ ագանելիք, թէ նիւթ ջերմութեան, եւ թէ ամենակարեւորք ի շինուածս եւ յարուեստս։

Այսպիսեաց նկատմամբ՝ եւ ըստ անթիւ զանազանութեան եւ տեսակաց բուսոց, հարկ էր որ շատ եւ շատ անուններ ունենային ամեն լեզուօք, բնիկ եւ փոխ առած ի մերձաւորաց եւ հեռաւորաց, ըստ որում ամէն երկիր ամէն տեսակ բոյս չի բերէր․ եւ թէ եւ կան ոմանք հասարակ ամէն կողմանց, կան այլ յատռւկք միայն այս կամ այն կողման։ Ըստ այսմ շատ պիտի չհամարուին մեր հաւաքած անուններն (3400), մանաւանդ եթէ յիշեմք որ ﬔծ մաս մ՚այլ եկամուտ են յօտար լեզուէ (գլխաւորապէս յ՚արաբերէնէ)։