Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/24

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Որովհետեւ ես իրեն ամբողջ ճշմարտութիւնը չըսի։ Թրամուայը քշողը երկաթէ կառքը կեցուց, զիս բռնեց, տփոց մը քաշեց՝ ըսելով. –«Սատանայի լակոտ, այնքան գամ դրած էիր երկաթ գիծին վրայ՝ որ մեքենան պիտի գլտորէր...»։ Մարդուն ձեռքէն փախայ՝ չլացի։ Հասայ հսկայ աղբանոցին մօտ՝ ուրկէ գամեր հաւաքած էի, եւ դէզին ետեւ պահուելով՝ սկսայ լալ։ Մարդ չտեսաւ լալս։ Յետոյ լալկան կ՚ըսեն։Առիթէն օգտուելով՝ այս անգամ մամիկս գրկեց զիս, կուրծքին սեղմեց, թուշերս կրակելու չափ համբուրեց եւ կրկնեց նոյն խօսքը. –«Անուշիկ թոռնիկս, այսօր փէտրուար 29-ն է, հինգ տարեկան եղար՝ տարեդարձդ է։ Տես մեծ հօրդ հետ ի՞նչ բերած ենք քեզի...»։ Մեծ հայրս կողքի ծրարը բացաւ, եւ դէպի ինծի իբր գլտորեց՝ մօտ էր, տեղ չկար, գրեթէ տուաւ նարինջ մը։ 0՜, նարինջ, խոշո՜ր նարինջ, ուրախացայ։ Կամաց-կամաց մէկ նարինջը եղաւ հինգ նարինջ։ –«Փաշա թոռնիկս, - գոչեց մեծ հայրս, - հինգերորդ տարեդարձիդ համար՝ սեխի խոշորութեամբ հինգ նարինջ»։ Ինչպէ՞ս գրկէի այդքան նարինջը։ Չէի կրնար գրկել՝ բայց կը տեսնէի, կ՚ուրախանայի։ Քիչ յետոյ մեծ հայրս ըսաւ. –«Տղաս, քրոջդ նարինջ մը չե՞ս տար»։ Անմիջապէս տուի։ –«Ապրիս, մօրդ նարինջ մը կուտա՞ս»։ Տուի։ –«Մեծ մօրդ նարինջ մը չե՞ս տար»։ Այդ ալ տուի։ –«Հապա ինծի՞»։ Իրեն ալ տուի։ Ինծի մնաց մէկ նարինջ։ Բայց մեծ հօրս ըսածին պէս՝ մե՜ծ էր նարինջը, սեխի չափ։ Ի՞նչ կ՚ըսէք, իմ նարինջս աչքիս դարձաւ ձմերուկի՜ չափ։ Հասկցա՞ք... Ահա այդպէս տօնեցինք։ Ի՞նչ ըսին։ Ըսին իմ ծննդեանս 5–րդ տարեդարձն էր։ 24