Jump to content

Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/3

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1.էլիզա Քոյրիկը

Պատերազմի տարիներ էին՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի։

Մենք կ՚ապրէինք Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Տաւուտիէ» կոչուած արուարձանին մէջ, որ զուտ հայկական թաղամաս մընէր հինգ հարիւր բնակիչներով։

Հացի պակաս կար այդ օրերուն։ Թաղամասը ունէր երեք փուռ։ Մեր տունը Աբրահամի փուռին մօտ ըլլալուն՝ անկէ կ՚առնէինք մեր բաժին հացը, որովհետեւ հացը սահմանուած կուտային, ամէն հաց հայցող երկու քիլոկրամէն ո՛չ աւելի որպէսզի բաւէր թաղի բնակիչներուն։

Փռապան Աբրահամը հասակաւոր, լայնաթիկունք, Այնթապցի անգրագէտ մարդ մըն էր հինգ զաւակի հայր, որ օրն ի բուն կրակին առջեւ խմորը երկար ու տափակ փայտով մը հնոցին կը յանձնէր։ Այդ գործը մեր փռապանը կ՚ողողէր քրտինքով՝ առատ քրտինքով։ Խեղճը ի՞նչ ընէր։ Պաղ ջուրի փարչ մը իր քովիկն էր կը խմէր ու կը խմէր։ Ահա թէ ինչո՞ւ քրտինք ու ջուր իրար կը խառնուէին մեր փռապանին հազ պատճառելով։ Տեսակ մը հիւանդութիւն որուն մեր թրքախօս հայերը «խեղճը ելփիկ եղած է» կ՚ըսէին։

Փուռին հացը կշռողը փռապանին կինն էր՝ էլիզա քոյրիկը, գրաճանաչ, մշտաժպիտ կին մը, որ իր կողքին ունէր մեծղի տետրակ մը, ուր կը նշէր անունները այն յաճախորդներուն՝ որոնք պարտքով կ՚առնէին հացը, ամառուան վերջը վճարելի։

Մենք պարտքով հաց առնողներէն էինք։ Հացի համար փուռ գացողը միշտ ես կ՚ըլլայի։

Փռապանը անդիէն կը պոռար, «տղա՜յ, կէնէ մը պորճա, - դարձեալ պարտքով, զզուեցուցի՛ր տղայ։ է՛լզա, հերիք է պարտքով հաց տաս»։

էլզան՝ էլզա քոյրիկը, կամացուկ մը ձեռքին տակը եղող գզրոցէն պէտք եղած թղթադրամը ինծի երկարելով կամացուկ մը կը յայտնէր.

–«Աբրահամ էմմիին բերածդ դրամը ցոյց տուր»։

Եւ ես դրամը շարժելով համարձակ կը պոռայի.

–«Աբրահամ էմմի, նայէ՜, դրամը բերած եմ»։