Jump to content

Էջ:Մանկութեան Յուշեր, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

–«Այն ատեն, - կ՚ըսէր Աշոտ, - ահա քեզի քանի մը չամիչ եւ քանի մը կտոր ընկոյզ»։


Աշոտին տուածը պարապ գրպանիս մէջ դրած՝ կը վազէի դէպի պէտքարան (զուգարան)։


Բայց մեր դպրոցը 250 աշակերտ ունէր՝ իսկ պէտքարանը մէկ հատ էր, եւ շարքի եղողները շատ...


Իսկ զբօսանքը քառորդ ժամ էր... է՜հ. թէեւ անհամբեր էի բայց «դասերէն ետք կ՚ուտեմ» կ՚ըսէի։


Յաջորդող օրերուն Աշոտը չէր զլանար։ Բաժինս կուտար։ 0՜, ինչ ալ անոյշ էր։


Այդ օրը հերթս շուտ եկաւ։ Մտայ պէտքարան՝ եւ դուռը լաւ մը գոցեցի։


Գրպանս պարպուեցաւ՝ բերանս լեցուեցաւ։


Դուրսէն դուռը կը ծեծէին՝ կը պոռային, անախորժ խօսքեր ալ կ՚ըսէին։ Բայց պէտք էր ծամէի, կլլէի՝ եւ բերնիս շարժումին վերջ տայի հապա՜...


Վերջապէս դուրս ելայ։ Մէկը մօտեցաւ ինծի եւ ի՜նչ սուր աչք ունի եղեր այս սպան, ու ըսաւ.


–«Ի՞նչ է, բերանդ շարժելո վ դուրս եկար՝ չըլլայ որ բան մը կ՚ուտէիր ներսը։ Գիտե՞ս, մայրս ըսած է ինծի՝ եթէ պէտքարանին մէջ բան մը ուտես, դէմքիդ վրայ վէրքեր կը թափես, հապա՜...»։


Յաջորդող քանի մը օրը, ինչպէս նոյն օրն ալ վէրք ունենալու վախ մը մտած էր փորս։ Փորս կը բռնէի՝ որ յանկարծ վէրք չունենայի... Բայց վէրքը դէմքիս վրայ պիտի ըլլար։ Այս անգամ երեսներս կը շփէի իմանալու համար, թէ վէրք մը կա՞ր - դէմքիս վրայ։ Օր մը, երկու օր, երեք եւ չորս օր՝ վէրք չկար։ Ուրեմն այդ տղուն մօր խօսքը ճիշդ չէր։ Ուրախացայ ճիշդը։


Օր մըն ալ դարձեալ պէտքարանին շուրջ շարքի եղողներուն թիւը մեծ էր։ Դպրոցն ալ՝ պահակ ունէր։ Կ՚ուզէի դուրս գալ եւ դուրսը ճաշակել Աշոտին տուածը։ Բայց ահա դպրոցին ծեր պահակը ցած աթոռի մը վրայ նստած կ՚երգէր «Կարկուտ Տեղաց»–ը եւ կ'երգէր իր հնարած եղանակով... «Կարկուտ տեղա՜ց, ա՜աց, ա՜աց Խանա...»։


–«Կիրակոս աղբար, - ըսի, - եալէյլի՞ կ'երգես...»։