Էջ:Մանրապատումներ, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑ» - Հսւլէպ

                  ՀՐԱՄԱՆԸ, ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ

Կարճի մօտեցող հասակ մըն էր իրը; Պեխերը կ^ոկորէր սուր ծայրերը դէպէ հ^ր, կարծէր օդը թրատել ուզելով; Մազերուն մէջ սեւը գտնելու համար փնտռել պէտք էր։ Ժոոատ բերնով կր ծամէր կաքաւի միս; Գլխուն գտակը փաթթոցով մը կր չրջապատէր, ամառ ձմեռ կը հագուէր վե¬ րարկու; Այս վերարկուն, կ9ըսէր, ամառը զով կր պահէ զիս, ու ձմեռներն ալ՝ տաք; Տափատի փոխարէն շալուար կը հագուէր, ու մէջքին կը կապէր Այնթապի գունաւոր ու խաս տեսակի պարեգօտ; Իր մօտիկ ընկերը համրիչն էր; Ունէր ընկերներու խումբ մըն ալ, ո– րոնց թիւր մերթ կ՚աւելնար, մերթ կը պակսէր; Անոնք, վանդակներու մէջ երգող իր կաքաւներն էին; Անոնց հետ կ9երգէր, կ՚երագէր ու երբեմն քիթին տակէն կը մրմռար - Հայաստան երթայխ, մեղուի փեթակ պահէի, մե ղուի փեթակ... Այդ օր, չես գիտեր ինչու, բարկացած էր; Ես ու ինք առանձին էինք տունին մէջ; Ես զբաղած էի գիրք մը կարդալով ու ինք սովորականին պէս կաքաւներուն կեր տալով։ Չհասկցայ իր բարկութեան պա աճառը; Պայթեցաւ մէկ անգամէն; Աը մենախօսէիր, թէ զի ս մարտի կը հրաւիրէր; Այսպէս սկսաւ. - Հայհոյանքին անունը մեղք դրած են; Ախակ; Հազար անգամ սխալ։ Հոգիս կր խաղաղի երբ կուշտ մը հայհոյեմ; Տասնաբանեայ պատուիրանը լսա՞ծ ես; Լսած կ՚ըլլաս, կարդացող մարգ ես; Զեմ գիտեր քանիերորդ պատուիրանը կ*ըսէփ֊ Աստուծոյ անունը պարապ տեղը բեր անդ մի առներ։ Ես ալ իմ պատուիրանս ունիմ, ուր գրած եմ.– Պարապ տեղը մի/ հայհոյեր։ Ոայց երբ հայհոյես, այնպէս մը հայհոյէ, որ սիրտդ պաղշկի; Խօսողը մեծ հայրս էր։ Իր պեխերուն սուր ծայրերը սկսած էին թրթռալ, բարկութեան նշան; Վախվխելով, խօսքի կծիկ մը քակել ուզելով, յարեցի. - Ինչ է, մեծ հայրիկ, փոթորկա՞ծ ես դարձեալ; - Լակո/տ, քեղի հազար անգամ ըսած եմ, որ մեր սերունդը անգամ մը փոթորկեցաւ 1915ին, եւ ալ խաղաղիլ չունի; Մոռցէք, կ՚ըսեն, ներեցէք, մոռցէք։ Ծօք, շան լակոտներ, ինչը ներենք եւ ինչը մոռնանք։ Մեզ չօճուխի տեղ դրած են ու հայրօրէն քարոզ կը կարդան։ Անոյշ խօսքի շոքոլադով

                                5