Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/38

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Մելգոնեան Կրթ. հաստատութեան մէջ, օգտուելով հաստատութեան հարուստ գրադարանէն դարձաւ ուղղակի գրամոլ, յափշտակութեամբ կարդաց մեր դպրութեան մեծերու գործերը, նոյիսկ լացաւ՝ երբ կարդաց Չարենցի, Թումանեանի, Վարուժանի, Մահարիի, Բակունցի գործերը, ու երազեց ո՛չ միայն տեսնել՝ այլ ապրի՛լ մեր պապերու հայրենիքին, իր հայրենիքին մէջ, ու կանուխէն նուիրուելով նկարչութեան արուեստին Գահիրէի մէջ՝ անցաւ Փարիզ, այդ օրերուն արուեստներու մայրաքաղաքը, ու ի վերջոյ իր հասուն տարիքին երբ քառասուն տարեկան էր, հասաւ իր երազին՝ Հայաստան։

Թէ ինչպիսի կեանք մը կար իր երազած Հայաստանի մէջ՝ ինք տեսաւ ու ապրեցաւ այդ կեանքով, եւ քառասունէ աւելի ապրելով իր երազած երկրին մէջ՝ անբաժան մնաց երկրին ցաւերէն ու յաջողութիւններէն, ո՛չ միայն նկարեց իր կեանքը ինչպէս սովոր էր ըսել ինք, եւ իր կեանքով նկարեց նաեւ Հայաստանը՝ երկրի կեանքովը, ուր զինք ներշնչեցին Թամանեանը, Սարեանը, Մինասը, եւ այնքան ուրիշներ եղան իր սրտակիցները։ Տիրացաւ անունի, արժանացաւ յարգանքի, 1963-էն սկսեալ ունեցաւ անհատական ցուցահանդէսներ ո՛չ միայն խորհրդային Միութեան մեծագոյն քաղաքներուն մէջ՝ այլ նաեւ արտասահմանի մէջ, անտեսելով այնպիսի ճղճիմ արարածները՝ որոնք հարց կուտային իրեն․-

«Ինչո՞ւ եկած ես Հայաստան»։

Յակոբեանը եկած էր իր հայրենիքին մէջ ապրելու, լաւ գիտնալով թէ օտարութիւնը մահ կը նշանակէր հայուն համար։

Հողին պաշտամունքը ունեցաւ Յակոբ Յակոբեանը, եւ քար առ քար ճանչնալով իր երկիրը հաւատաց, որ հայուն այս