Jump to content

Էջ:Մելգոնեացի մը երկու մելգոնիացիներու մասին, Թորոս Թորանեան.djvu/46

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

— «Կարպիս Սուրէնեանը հրաշալի գիտէր Հին Յունաստանի առասպելաբանութիւնն ու պատմութիւնը, գրականութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը, թատրոնն ու ճարտարապետութիւնը, առհասարակ համաշխարհային մշակոյթը»։

Այս մէկն ալ՝ հաստատում։

— «Կարպիս Սուրէնեանը երկու պաշտամունք ունէր՝ բնութիւնը իբրեւ նախաստեղծ անապական գոյութիւն, եւ մշակոյթը իբրեւ մարդ արարածի կեանքը եւ երկրի վրայ իր ներկայութիւնը իմաստաւորող երեւոյթ, այլ խօսքով ապրելակերպ։ Իսկ Հայաստանը հրաշալի բնութեան երկիր է, եւ միեւնոյն ժամանակ հնագոյն մշակոյթի երկիր, բաց գիրք՝ որ սպասում էր ընթերցողին, իսկական ընթերցողին»։

Եւ եկաւ այդ ընթերցողը Կարպիս Սուրէնեանը, որ ողջ Հայաստանը ոտքով շրջեցաւ որպէս դիտող ու վերլուծող։

— «Կարպիս Սուրէնեանը հայ ճարտարապետութիւնը տեսնում է իր ժամանակային եւ տարածական միասնութեան մէջ՝ հնագոյն ժամանակներից մինչեւ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան, Օձունից մինչեւ Աղթամարի Ս. Խաչ, Երերուքից մինչեւ Նորավանք։ Գրողը արդարացիօրէն հայ ճարտարապետութիւնը համարում է ամբողջական համակարգ, որտեղ ամէն բան խորապէս մտածուած կապակցուած է, եւ հիմնուած է կարեւորագոյն սկզբունքների վրայ։ Եւ իբրեւ այդպիսին, հայ ճարտարապետութիւնը ժողովրդի հաւաքական գիտակցութեան, նրա կենսափիլիսոփայութեան, նրա տիեզերընկալման բարձրագոյն եւ կատարեալ արտայայտութիւնն է, հայ ստեղծագործական ոգու եւ հանճարի բարձրագոյն դրսեւորումը։

Գրողը մանրամասն քննութեամբ եւ համոզիչ եզրահանգումներով բացահայտում է տաճարաշինութեան մէջ միասնութիւն, «չափազանցութեան մէջ ներդաշնակութիւն» եւ մաքուր բացարձակ մաքրասիրութիւն»։ «Եւ միանգամայն արդարցի