Երկիրէն դուրս գանձի պահակ ըլլալու տեղ
Թող որ ըլլամ գործատան մը պահակը ես
Միայն, միայն հողին վրայ իմ հայ դենի։
Ինչ որ ունիմ օտար երկնի տակ լայնարձակ
Օտարինն է ու ես անոր պահակը լոկ։
ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՑԸ
{{Poemx||<poem>Անշօշափելի մարմին մըն է
Օտար մայթերը անդուլ չափչփող,
Մարմին չէ կարծէք այլ շուք է նսեմ,
Որ մերթ կարկարի ու մերթ կը կարճնայ
Օտար լոյսերու դիրքին միշտ գերի...
Որքան ալ ապրած երկրին տայ բարիք
Օտար ես կ'Ըսեն իրեն ակամայ,
Որքան ալ ուզէ կամքով իր հայի
Դէպի երկիրն իր երթալ հայրենի
Ցեխին մէջ խրած ինքնաշարժի պէս
Տեղապտոյտով միշտ կը գոհանայ...