Այս էջը սրբագրված է
Բարեկամի մը տաճին մէջ նստած էի ջհրմ զրոյցի։ Տանին փոքրիկները մէկ քանի անգամ եկան հարցումներ տեղացնելու իրենց ծնողներուն վրայ. եւ որովհետեւ մեծերը ինձմով զբաղած էին, անպատասխան թողուցին փոքրիկները։
Վերջինները իրենց պահանջքը կրկին ու կրկին ներկայացուցին։
Այս երեւոյթը ուշադրութիւնս գրաւեց։ Ու այդ օրէն ասզին սկսայ աւելի ուշադրութեամբ հետեւիլ փոքրերու պահանջքներուն ու դիտողութիւններուն, ու գտայ թէ անոնց պահանջքներն ու դիտողութիւները շսւտ անգամ իրաւացի են։
Ու գտայ թէ ծնողները, շատ անգամ, անուշադիր են իրենց զաւակներուն նկատմամբ։
Ու գտայ թէ ես ալ անցեալին նոյն սխալը որդեգրած եմ շատ անգամ, հակառակ յայտնի մանկավարժներու գործերը կարդացած ըլլալուս Մելգոնեան Կրթական Հաատատութենէն մինչեւ Հայաստան։