Էջ:Փոքրերու Խօսքը Մեծերու Համար, Թորոս Թորանեան.djvu/56

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

իւղը վրադ հոսէր, ես ի՞նչ պիտի ընէի… Սօսիին կոկորդին դէմ կլոր բան մը բարձրա- ցած է, ու առաջին վայրկեաններուն չէր կրցած խօսիլ։ Հինգ րոպէ յետոյ, երբ քչիկ մը հանդարտած է, կանգնած Էր մօրը առջեւ եւ յայտարարած. ––Բարկացոտ մամա, եթէ ես չըլլայի, դուն ուրտեղէ՞ն մամա կ՚ըլլայիր… Քեզ մամա ընողը ես եմ… Ու հակառակ ատոր դուն կր բարկանաս, վրաս կը պոռաս ոչինչ բանի համար։ Հապա՞, քեզ մամա ընողը ե՛ս եմ–– 61 Մայրը, նստած պատուհանին առջեւ, Ֆետիին հեքիաթ կը պատմէր սիրուն թութակի մասին։ Չես գիտեր, մօրը միտքը ինչ ինկաւ, Ֆէտիէն սանտր մը ուզեց։ Ֆետին վազեց, բերաւ սանտրը ու ըսաւ մօրը.– Շարունակէ, մա՛յրիկ, գոյնզգոյն փետուրներով թութակը յետոյ ի՞նչ ըրաւ։ Մինչ այդ, մայրիկը սկսած էր սանտրել Ֆե- տիին մազերը։ Ֆետին ախ, ա՜խ կը պոռար ու արցունքներուն մէջէն կ՚ըսէր.– Մամա, կը ցաւի, շատ կը ցաւի, կամաց սանտրէ, կարծես ծառը տեղէն կը հանես, գլխուս ծառերը արմատէն կը քաշես, ինչ է, վրան պտո՞ւղ կայ… Մաման սանտրը մէկ կողմ նետեց։ ֆետին դադրեցուց լացը եւ խնդրեց մամայէն որ գոյնզգոյն թութակին պատմութիւնը շարու— նակէ… —Արժանի չես,– ըսաւ մայրը,— ել փոպոց ե— լաւ… 56