Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը բերէ գրեթէ ամէն ձեռնարկի կամ աշխատանքի։ Աւելին յաճախ կը տեսնուի առաջին կարգի վրայ՝ իբրեւ նախաձեռնող ու մղիչ տարր։ Այդպէս է, որ ան կըլլայ Մոսկուայի հարիւրէ աւելի հայ համալսարանականներուն մօտ կշիռ հւ հեղինակութիւն ունեցող անհատականութիւն մը: Իր եռանդուն եւ ստեղծագործ ոգիին շնորհիւ «ինքնազարգացման խմբէր, Հայ գրքեր–հրատարակութիւն եւ ուրիշ նման հանրային—մշակութային ձեռռնարկներ [...] մէկ կամ միւս ձեւով կապուած էին իր անուան հետ»[1]։ Նոյն ընթացքը կը շարունակէ Խարկովի մէջ ու կը դառնայ հայ ուսանողութեան վստահելի ու ամուր սիւնը։

Երեք տարի Մոսկուայի եւ երկու տարի Խարկովի համալսարաններուն մէջ ուսանելէ ետք. այլ մանաւանդ իր մասնսւգիտութիւնը կատարելագործելու նպատակով, Խատիսեան 1897ին կը մեկնի Պերլին եւ Փարիզ։ Պերլինի մէջ կը հետեւի փրոֆ. Վիրխովի եւ փրոֆ. Քլեմփէրըրի դասընթացքներուն։ Եւրոպայի նշեալ քաղաքներուն մէջ համալսարանական կրթութիւնը ամբողջացնելէ ետք՝ 1900ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Թիֆլիս։

Շատ կարճ ժամանակի համար կը զբաղի բժշկութեամբ. հազիւ տարի մը։ Ապա, կը լքէ այդ ասպարէզը եւ կը նուիրուի ազգային-հասարակական կեանքին։ «Այն ատեն ես 22 տարեկան էի, եւ

  1. Լ. Ն., «Հանրային մարդը», «Յուսաբեր». ԼԱ. Տարի 7 Ապրիլ 1945: