Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/100

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաջին անգամն էր, որ կառաւարութիւնը կը դիմէր ժողովուրդին՝ հասկնալու համար անոր ցանկութիւները։

1905ի դէպքերը ռուսասկան յեղափոխութեան մեղրամիսը կարելի է համարել, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ ռուս ժողովուրդը ասպարէզ կիջնէր՝ գործադուլներով, բողոքներով եւ պահանջներով։ Հայ գիւղացիութիւնն ալ, Հայ գիւղը, հեռաւոր գաւառները նոյնպէս կը մասնակցէին առաջին անգամ յեղափոխական եռուզեռին։ Մեր գիւղացիութիւնը յետամնաց էր եւ անտեղեակ։ Երբ 1908ին Ցալկիի շրջանի (ոչ հեռու Թիֆլիսէն) գիւղերէն մէկուն մէջ ես հարցուցի գիւղացիներուն, թէ ի՞նչ է Պետական Դումա (պարլամենտ), անոնք պատասխանեցին, որ Պետական Դումա կը նշանակէ ոստիկանապետներու ժողով: Խեղճ գիւղացու աչքին բարձր իշխանութեան հասկացողութիւնը ոստիկանապետէն այն կողմ չէր անցներ։

Հասյկական առաջին համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն։

Ամենակարեւոր հարցը քաղաքական հարցն էր. պէտք էր որոշել Ռուսաստանի ապագայ վարչաձեւը: Հայ պատգամաւորները, երկար եւ տաք վիճաբանութիւններէ ետք, կանգ առին հետեւեալ ձեւակերպումին վրայ. Ռուսաստանը պէտք է ունենայ «ներկայացուցչական ժողով»։ Ոչ մէկ խօսք այն մասին, թէ այդ ժողովը սահմանադի՞ր պէտք է ըլլայ, թէ միայն խորհրդակցական բնոյթ պիտի կրէ, թագաւորի կողքին։

Վրացական պահանջները աւելի կտրուկ էին եւ