Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/101

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պարզ։ Անոնք կը պահանջէին օրէնսդրական պարլամենտ եւ յետոյ վրաց ուղղափառ եկեղեցու բաժանումը ռուս եկեղեցիէն։ Շարք մը ուրիշ պահանջներ ալ հոգեբանօրէն կը պատրաստէին վրաց ժողովուրդի անկախութեան գաղափարը, թէեւ պահանջներու մէջ պարզօրէն այդ մասին չէր խօսուեր:

Հայկական համագումարի ցանկութիւնն էր՝ քաղաքական խնդիրներու շուրջ արմատական որեւէ առաջարկ չներկայացնել։ Համագումարի երկրորդ պահանջն էր՝ հաւասարեցնել փաստօրէն հայերու քաղաքացիական իրաւունքները ռուսերու իրաւունքներուն։ Կըսենք՝ «փաստօրէն», որովհետեւ իրաւականօրէն բոլոր իրաւունքները հաւասար էին բոլոր քաղաքացիներու համար:

Պահանջի գլխաւոր միտումը այն էր, որ Հայերն ալ Կովկասի մէջ կարողանային պետական ծառայութեան մէջ պաշտօններ ունենալ, որովհետեւ պաշտօնավարել ցանկացող Հայերը կուղարկուէին Ռուսաստանի ներքին նահանգները, իսկ Կովկաս կուղարկուԷին ռուս պաշտօնեաներ: Բոլորին յայտնի էր, որ նորաւ արտ Հայ իրաւաբանը կարող էր միայն քարտուղար լինել դատական որեւէ հիմնարկութեան մէջ կամ երկրորդական քննիչի օգնական. իսկ եթէ ցանկանար դառնալ Շրջանային Դատարանի անգամ, պէտք է թողնէր Հայրենի Կովկասը եւ բռնէր Ռուսաստանի ճամբան: Նոյնը կարելի է ըսել եւ բժիշկներու, ճարտարապետներու, ուսուցիչներու մասին։

Այսպէս. օրէնքը չէր սահմանափակեր հայերու մասնակցութիւնը Կովկասի պետական պաշտօնավարութեան մէջ, սակայն փաստօրէն, դռները միշտ