Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/102

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գոց էին Հայերու առջեւ։ Հայերը՝ ստիպուած կը զբաղէին կա՛մ ազատ արհեստով (մասնաւոր բժիշկներ, մասնաւոր դասեր), կա՛մ ոչ պետական հիմնարկութիւններուն մէջ։ Ամէնէն շատ Հայերը համախմբւած էին Բագու, ուր նաւթի արդիւնաբերութիւնը կը շնորհէր մասնաւոր պաշտօններ զանազան հիմնարկութիւններու մէջ։

Վրացիներու համար չկար փաստական որեւէ սահմանափակում։ Անոնք ազատ մուտք ունէին թէ՛ դատական եւ թէ վարչական բոլոր հիմնարկութիւններուն մէջ։

Ամբողջ Կովկասի մէջ չկար Հայ նահանգապետ մը, մինչդեռ մեծ թիւով վրացի նահանգապետներ կային, օրինակ՝ իշխան Նակաշիձէն, իշխան Շերվաշիձէն։ Կովկասի ամենամեծ Հայ պաշտօնեան եղած էր Հայրս, ան ալ 56 տարեկան հասակին մէջ՝ խռովելով թողած էր պաշտօնը, որովհետեւ իրեն փոխարէն իր օգնական ռուսին էին յանձնած պետական գոյքերու կառավարիչի պաշտօնը Կովկասի մէջ։

Ահա թէ ինչու Հայերու երկրորդ պահանջը հաւասար իրաւունքներու մասին լուրջ եւ կարեւոր նշանակութիւն ունէր։

Պահանջ ներկայացուեցան նաեւ Հայ զինուորներու պաշտօնատեղի մասին։ Հայ զինուորներն ալ կը քշուէին Ռուսաստանի խորերը, ուր կլիմայական պայմանները աննպաստ էին կովկասցիներու համար։ Զինուորներէն շատեր տուն կը դառնային թոքախտով կամ չափազանց հիւծուած։

Ուշագրւ էր եւ դպրոցներու խնդիրը։ Մենք կը պահանջէինք թեթեւցնել ռուս ժողովրդական տե—