Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/103

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սուչներու հակակշիռը հայ ծխական եւ թեմական դպրոցներու վրայ։ Մեր դպրոցները մեծ մասով կապուած էին եկեղեցիին հետ։ Եկեղեցիներն էին, որ կօժանդակէին նիւթապէս մեր դպրոցներուն այս Է պատճառը, որ հայ ունեւոր դասը այնքան առատաձեռն էր եկեղեցուն յատկացուած նուիրատուութիւններու մէջ։ Հայ դպրոցներու մէջ սրբութեամբ կը պահուէր հայկական ոգին եւ հայ դպրոցներէն էր, որ դուրս կու գային Հայ ականաւոր գործիչներ: Ահա թէ ինչու մեր հասարակութիւնը այնքան կը գուրգուրար իր դպրոցներուն վրայ։

Համագումարէն առջեւ դրուած էին նոյնպէս կարեւոր նշանակութիւն ունեցող չարք մը ուրիշ հարցեր տնտեսական եւ գիւղացիական: Հայկական հողերը կը յատկացուէին Ռուսաստանի խորերէն գաղթած մալականներուն եւ ղուխոբորներուն։ Կարսի շրջանի, Ալեքսանդրապոլի գաւառի մէջ, Սըւանի կղզիի շուրջը ռուսացման նպատակներով բնակեցուած այդ ռուս եկուորներուն կը յատկացուէին լաւագոյն հողամասերը՝ ի հաշիւ հայ գիւղացիութեան:

Իմ հայրս, իր պաշտոնավարութեան ընթացքին, աշխատած էր ամէն կերպ պաշտպանել հայերու իրաւունքը եւ այդ առթիւ միշտ ընդհարումներ էր ունեցած իշխանութեան հետ:

Գիւղացիական կեանքի գլխաւոր հարցերէն մէկը ջուրի հարցն էր։ Հայ գիւղացու տնտեսութեան էական ջիւղերէն մէկը՝ ջրային օրէնքը՝ անկատար էր։ Շատ ոճրագործութիւններ տեղի կունենային այդ հողի վրայ: