Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/104

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Համագումարը պահանջեց ջրային նոր օրէններ՝ համապատասխան Հայ գիւղացիի շահերուն։

Սուր բնոյթ կը կրէր նաեւ արօտավայրերու հարցը։ Պէտք է ըսել, որ կովկասեան թուրքերը գլխաւորապէս կը զբաղէն խաշնարածութեամբ ամառնային տաքերեն ապաստանելու համար՝ անոնք ստիպուած են բարձրանալ սարերը, որոնց լանջերուն վրայ կը բնակէն Հայերը։ Ամէն անգամ սար բարձրանալու ատեն, ոտքի տակ կու տան հայերու արտերը, այգիները. առաջ կու գային խոր անհամաձայնութիւններ եւ յաճախ կռիւներ՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ: Համագումարը այս խնդրի վրայ եւս հրավիրեց իշխանութեան ուշադրութիւնը։

Պահանջ ներկայացուեցաւ նաեւ տնտեսագիտական, միջնակարգ եւ բարձրագոյն դպրոցներ բանալու մասին:

Ահա, ընդհանուր առմամբ, Հայկական պահանջներու ամբողջութիւնը, զոր մշակեց հայկական անդրանիկ համագումարը, 1906-1907 թուականներուն։

Ուշագրավ է այն հանգամանքը, որ, այդ թուականներուն Հայկական պահանջներու գլխաւոր կեդրոնը կը դառնար երեք կարեւոր հարցերու շուրջ.

ա) Հայերը փաստօրեն կուզէին հաւասարիլ ռուս քաղաքացիներուն հետ.

բ) Կուզէին բարելաւել գիւղացիներու տնտեսական վիճակը.

գ) Ձեռք բերել Հայ մշակոյթը զարգացնելու համար տանելի պայմաններ։

Ոչ մէկ խօսք ինքնավարութեան, անջատման