Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/105

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մասին։ Այդպիսի պահանջ գոյութիւն չունէր միտքերու մէջ անգամ։ Քաղաքական գործիչներս ու կուսակցութիւնները իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էին տաճկահայկական վիէլայեթներու վրայ։

Այստեղ կարեւոր կը համարեմ մէջբերել Թիֆլիսի ժանտարմներու պետի հետ ունեցած իմ խօսակցութիւնը համագումարէն անմիջապէս ետք: Ես խօսք էի տուած, որ հայկական համագումարը պիտի չընթանայ ռուս պետական շահերուն հակառակ: Այցելութեան մը ընթացքին, երբ ժանտարմներու պետը հետաքրքրուեցաւ համագումարի աշխատանքներով եւ ես պատմեցի իրեն, որ Հայերու պահանջները բացարձակապես տնտեսական են եւ մշակութային, որ հայ քաղաքական միտքը զբաղած է Տաճկահայաստանով եւ վիլայեթներով, ան ինձ պատասխանեց.

«Տաճկահայկական վիլայէթները ազատ չեն։ Անոնք ունին իրենց ապագայ տէրը։ Դա՝ Ռուսաստանն է, առանց որու գիտութեան եւ խորհուրդի պէտք չէ, որ զբաղիք այդ հարցով։ Ահա թէ ինչո՛ւ մենք կը հետապնդենք Հ. Յ. Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը»:

Համագումարը վերջացաւ: Արձանագրութիւնները պաարաստուեցան։ Անոնց տակ ստորագրեցին 1300 անձեր եւ թուղթերը ուղարկուեցան փեթերպուրգ։

Որեւէ անմիջական ազդեցութիւն կամ նշանակութիւն ունեցա՞ւ համագումարը կովկասահայերու համար։ Ի հարկէ, ոչ: Սակայն, համագումարը առաջին անգամ քով քովի բերեց հայ մտաւորականու—