Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/106

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թիւնը եւ ստեղծեց կովկասահայ մէկ հեղինակաւոր մարմին։ Բացի էջմիածինէն, մենք որեւէ ուրիշ կեդրոնական մարմին չունէինք, որուն շուրջ կարողանար համախմբուիլ կովկասահայութիւնը: Թրքահայութիւնը մեզմէ աւելի երջանիկ էր այդ տեսակէտէն: Անոնք ունէին Սահմանադրութիւն, կեդրոնական հիմնարկութիւններ Պոլսոյ մէջ եւ գաւառները։

Համագումարը ցոյց տուաւ, որ հնարաւոր է Հայերու միութիւնը, միասնաբար հանդէս գալու հայկական շահերու պաշտպանութեան համար: Այնուհետեւ 1914 եւ 1917 թուականներուն, պատերազմի եւ յեղափոխութեան օրերուն, դիւրին եղաւ արդէն հրաւիրել երկրորդ եւ երրորդ Հայկական Համագու մարներ։

Երբ գումարուեցաւ Պետական Դուման, Հայ պատգամաւորները դրին ժողովին առջեւ այն բոլոր պահանջները, որ որոշուած էին Հայ Համագումարին կողմէն: Որպէս Պետական Դումայի անդամներ Հայերէն ընտրուեցան պրն. Պապաջանեան, Աթաբեկեան, Տիգրանեան, Աւետիքեան, Պետրոսեան, Սաղաթէլեան եւ Այվազեան:

Պէտք է ըսել, որ շնորհիւ ընտրութիւններու թերի կազմակերպման եւ օրէնքի խստութեան, Հայկական ընտրութիւնները այնքան ալ յաջող չէին պատգամաւորներու տաղանդի տեսակէտէն: Սակայն, անոնք իրենց կրցածին չափ պաշտպանեցին մեր տնտեսական եւ մշակութային պահանջները։

25 երկար տարիներ են անցած Հայկական առաջին համագումարէն բայց մեր այն ժամանակուան պահանջներէն շարք մը խնդիրներ մինչեւ այսօր ալ