Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/107

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։ Հայ գիւղացին հողազուրկ է, իր հողերը չեն բաւեր իր կարիքներուն: Ճիշդ է, այսօր չկայ ռուսներու գաղթը, բայց փոխարէն կը հետապնդուի թուրքերու գաղթը եւ հայկական հողամասերը կը բնակեցուին թուրքերով:

Շարք մը հարցեր ալ գոյութիւն չունին այլեւս. օրինակ, դպրոցներու ազատութեան խնդիրը։ Հայ ժողովուրդը բոլորեց քաղաքական տարբեր շրջաններ ու բացարձակ անկախութենէն ինկաւ խորհրդային իշխանութեան տակ։ Մենք այլեւս չենք մտածեր ձեռք բերելու Կովկասի մէջ պաշտօնավարելու իրաւունք, սակայն, կորսնցուցած ենք ազատութեան տարրական իրաւունքը։ Այլ են մեր այսօրուան պահանջները, որոնց համեմատ մեր երբեմնի առաջադրութիւնները այնքան համեստ եւ խոնարհ էին։ Այս տարօրինակութիւնը կարմիր գիծի պէս պիտի անցնի մեր հետագայ պատմութեան մէջ։

Ինչեւէ, այն ժամանակուան իշխանութիւնը հայերին կը համարէր ուժեղ կազմակերպուած, յեղափոխական տարր ու բացասական վերաբերում ունէր դէպի մեզ. իսկ դէպի վրացիները վեբաբերմունքը աւելի տանելի էր, չնայած որ վրացիներու պահանջը աւելի կտրուկ էր ու խիստ: Իշխանութեան աչքին վրացիները իրենցմէ մեծ ուժ մը չէին ներկայացնէր։

Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։ Ինձ յաճախ կը հարցնէին այս մասին ու կը կարծեմ, որ երկու հանգամանք կը նպաստէին այդ վերաբերմունքին: Նախ Հայերու մասին այն կարծիքը գոյութիւն ունէր, որ հայերը խորամանկ են, ուժեղ, լաւ կազմակերպուած