Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/108

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ hարուստ, որ Հայերը իրենց խոնարհ արտաքինի տակ կը կարողանան թաքցնել իրենց ուժն ու ծրագիրները: Մինչդեռ վրացիներու մասին այն կարծիքը գոյութիւն ունէր, որ աւելի աղմկոտ են, թեթեւամիտ, շուտ ենթարկուող ազդեցութեան եւ, ինչ որ գլխաւորն է, զուրկ են դրամական միջոցներէ:

Պէտք է ըսել, որ մենք՝ Հայերս ալ՝ վրացիներու մասին նոյն կարծիքն ունէինք։ Իրենց համագումարի խիստ պահանջները կը համարէինք աւելորդ, անտեղի եւ ոչ—դիւանագիտական:

Համագումարէն ետք, նախքան պատգամաւորներու ցրուիլը, ճաշասեղան մը արուեցաւ Կուրի ափին վրայ գտնուող «Օրթաշալա»յի այգիին մէջ:

1904—8 թուականներուն, ամէնէն աչքի ինկող դէպքերը վերոյիշեալ երեք դէպքերն էին՝ Հայկական Համագումարը, Հայ–թաթարական ընդհարումները եւ Դաշնակցութեան դատավարութիւնը:

1908էն կը սկսի յետադէմ իշխանութեան ուռեղացումը եւ քաղաքակ բոլոր կուսակցութիւնները կանցնին ստորերկրեայ աշխատանքներու: