Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/109

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գյուխ Ե.

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԵՏԱԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ

(1905-1907ԻՆ)

Կան գետեր, որոնք աւազուտ հարթավայրերու կամ լեռներու վրայ կը հոսէն երկրի մակերեսով, յետոյ գետնի տակ կանցնին, երկար ճամբորդութենէ յետոյ, մէկ ալ նորէն մակերես կելլեն։ Այնպէս որ՝ անծանօթ մէկը կրնայ կարծել, թէ առաջին անգամն է, որ պետք կը ժայթքէ հողի ներքին շերտերէն։

Նոյնը կարելի է ըսել եւ յեղափոխական շարժումներու մասին: 1905ին, կարծես թէ առաջին անգամ ներքնայարկերէն փողոց էին եկած կազմակերպուած յեղափոխական ուժերը իրենց զանգուածներու հետ մէկտեղ, բայց երբ յետադէմ իշխանութէանը յաղթեց, նորից այդ ուժերը ներքնայարկ մտան, օր մը անշուշտ կրկին դուրս գալու համար։

Շեշտեցի արդէն, որ Թիֆլիսի քաղաքագլուխի պաշտօնը իւրայատուկ պայմաններ կը ներկայացնէր։ Մէկ կողմէն կապուած էր երկրի բարձր իշխանութեան հետ, իսկ միւս կողմէն՝ ներքնայարկէ մէջ գտնուող յեղափոխական կազմակերպութիւններու հետ: Այդ կազմակերպութիւնները բազմաթիւ առիթներով դիմում կընէին ինձ, երբ իրենց անդամներէն ոեւէ մէկը կը ձերբակալուէր, կամ կուսակցութեան որեւէ ձեռնարկը յայտնի կը դառնար իշխանութեան։ Դատական հիմնարկութիւններու մէջ,