Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իմ միակ ձգտումն էր նետուիլ հասարակական ասպարէզ»[1]։

1902ին, առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ խորհրդական կընտրուի Թիֆլիսի քաղաքային Խորհուրդին, որուն մաս կը կազմէին կովկասեան ազգերու գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչները: Այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ 1900։ Նոյն տարին իր թեկնածութիւնը կը դնէ Թիֆլիսի քաղաքագլուխի օգնականի պաշտօնին եւ կընտրուի։ Թէեւ պաշտօնապէս քաղաքապետի օգնական, բայց գործնականին մէջ Խատիսեան կը ստանձնէ քաղաքապետի պատասխանատուութիւններ եւ կը կատարէ քաղաքապետի պարտաւորութիւններ: այս երեւոյթին տուն տուող պատճառը հետեւեալն էր:

1900ական թուականներու առաջին տասնամեակի Թիֆլիսի քաղաքապետն էր վրացի իշխան Վ. Ն. Չերքեզովը, որ հիւանդ էր, իսկ անոր առողջական վատ վիճակը պատնճառ կըլլար, որ յաճախ շաբաթներ եւ երբեմն ամիսներ բացակայէր քաղաքապետարանէն։ Այդպէս է, որ գործերուն մեծ մասը կը բեռնար անոր օգնականին՝ Ալ. Խատիսեանին վրայ։

Չերքեզովի մահէն ետք, Խատիսեան 1909–1910ին կընտրուի Թիֆլիսի քաղաքապետ։ Ըստ Վահան Նաւասարդեանի, Խատիսեան իր ընտրութիւնը կը պարտի աւելի հայ քաղքենիութեան քուէին. քան հայ աշխատաւորութեան:

  1. Ալ. Խատիսեան, «Հայրենիք» ամսագիր, անդ., էջ 86: