Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/110

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պաշտոնիս բերումով, կը մասնակցէի որպէս միջնորդ կամ իբրեւ դատաւոր եւ այդ ուղղութեամբ հարուստ յիշողութիւններ ունիմ:

1905ի յեղափոխութեան ընթացքին, առաջին շարքերու վրայ կանգնած էին Հայ Յեղափոխական Դիաշնակցութիւնը եւ վրաց սոցիալ—դեմոկրատ մենշեւիկեան կազմակերպութիւնը: Երկրորդ շարքերու վրայ կը գտնուէին սոցիալ–դէմոկրատ բոլշեւիկները, սոցիալիստ–յեղափոխականները, հնչակեանները եւ յետոյ ազգայնական ֆեդերալիստները:

Այս բոլոր կուսակցութիւնները մէկ նշանաբան ունէին իրարու հանդէպ. «Քալել առանձինն, բայց լինել միսաին»: Որոշ համաձայնութիւն գոյութիւն ունէր անոնց մէջ զանազան տեխնիք հարցերու շուրջ: Միթինկներու ատեն պայմանաւորուած էր կուսակցական Հոետորներու մասնակցութեան թիւը։

Երեւանեան հրապարակի վրայ կամ Հայկական Հաւլաբար թաղի եւ զանազան թաղամասերու մէջ կատարուող բազմամարդ միթինկներու ատեն, կուսակցութիւնները մրցումի դուրս կու գային իրարու Հետ։ Վրացի մենշեւիկները ամէն կերպ կը ջանային Հայկական զանգուածները զատել Հ. Յ. Դաշնակցութենէն եւ կապել իրենց, բայց չէին յաջողեր։ Իրենց կողքին մենշեւիկները ունէին Հայկական փոքրիկ խմբակ մը, որ կաշխատէր այդ ուղղութեամբ։ Յայտնի էին Ա. Երզնկեան, Արշակ Զուբարով եւ Խանոյեան։ Մենշեւիկներու եւ բոթշեւիկներու բաժանումէն յետոյ Խանոյեանը, Ստ. Շահումեանը, Սպանդարեանը եւ Տէր Պետրոսեանը (Կամոն)գլխաւորեցին բոլշեւիկեան կազմակերպութիւնը։