Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/112

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մագումարին մէջ, որ յետոյ անցաւ Լոնտոն, առաջ եկան ուժեղ բախումներ եւ կուսակցութիւնը բաժնւեցաւ երկու մասի՝ մեծամասնականներու (բոլշեւիկ) եւ փոքրամասնականներու (մենշեւիկ)։ Առաջին թեւը կը գլխաւորէր Լենինը, իսկ երկրորդը՝ Մարտովը։

Երկու թեւերու անհամաձայնութիւնները գլխաւորաբար կը դառնային կազմակերպման եւ գործելակերպի խնդիրներու շուրջ։ Փոքրամասնականները կը կարծէին, որ ընկերային յեղափոխութեան կարելի է հասնիլ աստիճանական զարգացման ճանապարհով, իսկ մեծամասնականները կը պահանջէին բռնի յեղափոխական միջոցներով տապալել իշխանութիւնը եւ հաստատել բանուորական գերիշխանութիւն։ Փոքրամասնականները կողմնակից էին անհատական ահաբեկումներու, ուղղուած բանուոր դասակարգի անհատ թշնամիներու դէմ. մեծամասնականները կը պահանջէին զանգուածային ահաբեկում՝ ոչնչացնելու համար ամբողջ դասակարգ մը:

Կովկասի բանուորութիւնը կը յարէր փոքրամասնականներուն, մինչդեռ ռուս բանուորութիւնը կընդունէր աւելի մեծամասնականներու գործելակերպը: Փոքրամասնականներուն կը պատկանէր եւ Ջուղաշվիլին՝ Ստալինը, որ այսօր Ռուսաստանի բռնապետն է։ Ստալինը քարտուղարն էր վրաց սոցիալ—դեմոկրատիայի հիմնադիր՝ Ն. Ժորդանիայի, որ այսօր, որպէս տարագիր, կապրի Փարիզի մէջ։

Կուսակցութեան երկու թեւերուն մէջ գոյութիւն ունեցող կապը գնալով աւելի տկարացաւ եւ կտրուեցաւ՝ շնորհիւ Ռուսաստանի մէջ տեղի ունե–