Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/113

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցող քաղաքական գահավէժ դէպքերուն։ Արժէ կարդալ պրն. Սպերեդոնովիչի շահեկան մէկ ուսումնասիրութիւնը (տպուած Փարիզ, 1922ին, 500 էջ), բոլշեւիկներու մասին, անոնց սկիզբի օրերէն մինչեւ իշխանութեան անցնիլը։

Մենք առիթ ունեցանք վերը յիշելու, որ ռուսական յեղափոխութեան սկիզբի օրերէն իսկ, յեղափոխական կազմակերապութիւնները դուրս եկաՆ նկուղներէն եւ սկսան բացայայտ կերպով խօսիլ եւ ճառել։ Առաջին քայլը ներքին գործոց նախարար Պլեւէի սպանութեիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ 1004 Յուլիս 15ին: Անոր յաջորդեց իշխան Միրսկին, որուն կառավարութեան շրջանը որակուեցաւ «Գարուն» բառով։ 1904—5 թուականներու ձմրան, բոլորին լեզուները բացուեցան, եւ այնուհետեւ սկսաւ ցոյցերու եւ միթինկներու ամբողջ շարան մը։ «Գարնան» հոսանքը տարածուեցավ ամբողջ Ռուսիոյ մէջ։ Իշխանուաթիւնը ստիպուած եղաւ դիմելու նոր բռնութիւններու:

Երբ լոյս տեսավ ցարի հրովարտակը, ժողովուրդը բառիս լայն իմաստով փողոց թափեցաւ: Ամէնքը կը կարծէին, որ նոր դարագլուխ մը կը բացուի ռուս պատմութեան մէջ։ Նորէն միթինկներ եւ ցոյցեր, նորէն ճառեր ու ճառեր: Թիֆլիսի մէջ աչքի կը զարնէր երիտասարդ Հայ մը՝ Խաշմանեան (Դեւ), որ իր կրակոտ ճառերով կը ներկայացնէր իշխանութեան ծիծաղելի կողմերն ու հասարակութեան կաւետէր նոր, երջանիկ օրերու գալուստը։

Իշխանութիւնը սակայն քնած չէր: Ան կը լարէր իր ցանցերը։ Այս վիճակին մէջ յեղափոխական կուսակցութիւնները պէտք է որ իրենց դիրքը ճշդէին