Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/114

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կատարուող դէպքէրու հանդէպ: Ամէն մէկ առիթէն օգտուելով, յեղափոխականները կը ջանային բարձր պահել ժողովուրդի տրամադրութիւնները։

Օգոստոս 29ին, քաղաքային վարչուաթան սրահին մէջ նշանակուած էր մեծ համախմբուամ մը։ Ես կը գտնուէի Հիւսիսային Կովկաս։ Ինձ կը փոխարինէր պրն. Ք. Վերմիշեանը։ Թիֆլիսի նահանգապետը հեռախօսով կարգիլէ Վէրմիշեանին գումարել այդ համախմբումը, որ ժողովրդական բնոյթ կը կրէր: Սակայն, Վերմիշեան կը պատասխանէ,թէ ինք անկարող է ամբոխի առաջն առնել։ Ժողովին կը նախագահէ յայտնի փոքրամասնական էլիտւայի եղբայրը, որ դիմելով ժողովին կը յայտնէ նահանգապէտի որոշումը եւ կառաջարկէ, որ սրահէն դուրս ելլեն անոնք, որ կը վախնան: Սրահը կը մտնէ սպայ մը՝ առաջարկելով բոլորին ցրուիլ։ Սակայն, ոչ ոք կը շարժուի իր տեղէն։ Այն ժամանակ, կոզակները կը սկսին կրակել ժողովուրդի վրայ:

Սարսափէլի իրարանցում կը սկսի անզէն ժողովուրդին մէջ։ Կը սպաննուին 35 հոգի եւ ծանր կը վիրաւորուին 40 հոգի։ Սրահը ամբողջապէս կը ներկուի արիւնով:

Նոյն պատմութիւնը ռուսական բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Բայց որքան վճռական կը դառնար իշխանաթիւնը պայքարի մէջ, այնքան աւելի կը սաստկանային ժողովրդի ցասումն ու բողոքը։ Ժողովրդի եւ կառավարութեան միջեւ գոյացած վիհը գնալով աւելի կը խորանար:

Երբ 1905 թուին հատարակուեցաւ ցարի հրովարտակը ազատութիւններու մասին, ժողովուրդը