Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/115

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բաժնուեցաւ երկու մասի. մէկ մասը մնաց հաւատարիմ յեղափոխական սկզբունքներուն, իսկ միւսը կառչեց իշխանութեան: Ոստիկանութեան բաժանմունքը փեթերպուրգէն դիմեց դաւադրական նոր ձեւերու: Սկսաւ կազմակերպել ջարդեր, սպանութիւններ եւ Հայրենասիրական ցոյցեր։ Այդպիսի ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ Թիֆլիսի մէջ, հոկտեմբեր 22ին։

Ժողովուրդը դրօշակներով եւ սուրբերու նկարներով կանցնէր Թիֆլիսի գլխաւոր փողոցներէն դէպի Փոխարքայի պալատը։ Անոր կը հետեւէին ոստիկանները, զօրքերը եւ զինուորական դպրոցի աշակերտները: Ցոյցին չմասնակցողները մայթերու վրայէն կը դիտէին: Յանկարծ ատրճանակի պայթիւն մը լսուեցաւ: Պարզ էր, որ ազդանշան մը կը տրուէր: Զօրքերը սկսան կրակել ժողովուրդին վրայ։ Կողակները սկսան մտնել տուները եւ սուիններով մեռցնե մարդիկ։

Առաջին Գիմնազիոնի աշակերտութիւնը նոյնպէս ենթարկուեցաւ ջարդի: Կոզակները ներս խուժեցին «Փիֆլիսից թերթ»ի խմբագրատունը եւ հայկական ակումբը իրենց արիւնոտ գործը լրացնելու համար:

Այդ մամին, մենք ժողովի նստած էինք քաղաքային վարչութեան հետ։ Երբ համազարկերու ձայնը մեզի հասաւ, անմիջապէս գնացինք փոխարքայի մօտ։ Ոստիկանական մասի օգնական զօրավար Բարուշկինը արդէն զեկուցած էր անոր դէպքերու մասին՝ ամբողջ մեղքը բառնալով ժողովուրդին վրայ։ Իբր թէ ժողովուրդն էր յարձակուեր խաղաղ ցուցա—