Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/116

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րարներու եւ զօրքերու վրայ, անոնք ալ ստիպուած էին եղեր զէնքի դիմել ինքնապաշպանութեան համար։

Այսպիսի ծանր օրեր ապրեցաւ Ռուսաստանը 1905 եւ 1906 թուականներուն: Քաղաքական կուսակցութիւնները նորէն նկուղները մտան, բայց այս անգամ արդէն երկար ժամանակով, ամբողջ 10 տարի, մինչեւ 1917 թուականի յեղափոխութիւնը։

Նախքան պատմելը այն մասին, թէ ի՞նչ ըրին կուսակցութիւնները նկուղներու մէջ, պէտք է ըսեմ, որ Կովկասի մէջ ժողովուրդը օրգանապէս կապուած էր իր յեղափոխական կազմակերպութիւններուն հետ։ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եւ վրաց սոցիալ—դեմոկրատները բառիս լայն իմաստով կարողացած էին մտնել ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ եւ իրենց կապել զանգուածները: Նոյնը չէր կարելի ըսել Ռուսաստանի մասին։ 100 միլիոննոց ժողովուրդը, բնականաբար, չէր կարող Համաձայնացնել իր աշխատանքները ընդհանուր մէկ ճակատ կազմելու համար։ Պրոպագանդի գործը նոյնպէս դժուարութեամբ կը տարուէր անոնց մէջ եւ իրենց հաշիւ չտալով ռուս զանգուածները իրենց այս ու այն կողմը կը նետէին։ Ատոր ապացոյց այն, որ 1917 թուին, ռուս ժողովուրդի 70 առ հարիւրը իր քուէները տուաւ սոցիալիստ—յեղափոխականներուն, բայց ոչ մէկ տոկոսը պաշտպանեց իր ընտրեալները, երբ բոլշեւիկները զէնքի ուժով ցրեցին ռուս առաջին Սահմանադիր ժողովը:

Երբ յետադիմական իշխանութիւնը ուժեղացաւ, քաղաքական կուսակցութիւնները ենթարկուեցան