Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/117

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հալածանքներու, ձերբակալումներու, բայց անոնց գործունէութիւնը չդադրեցաւ: Կուսակցութիւնները սկսան աշխատիլ եւ ղեկավարել յեղափոխական շարժումները նկուղներէն:

Յեղափոխական բոլոր կուսակցութիւններու կեդրոնը այդ ժամանակ կը գտնուէր երկրի մէջ։ Բոլշեւիկներն էին միայն, որ իրենց կեդրոնը փոխադրած էին Ժընեւ՝ թողնելով երկրի մէջ քանի մը անդամներ, կապ պահպանելու համար:

1907 թուին էր, որ իմ աչքերիս առջեւ տեղի ունեցաւ 200 հազար ռուբլու կողոպուտը։ Փեթերպուրգէն Թիֆլիս 200 հազար ռուբլի էր ուղարկուած, որ պետական գանձարկղէն պիտի փոխադրուէր պետական դրամատունը։ Բոլշեւիկները գիտէին փոխադրութեան ճիշդ ժամը եւ վճռած էին կողոպտել ամբողջ գումարը։

Գործը պատրաստուած էր ամենայն հմտութեամբ եւ գաղտնապահութեամբ։ Կ. Կոմիտէի անդամներէն շատերը անգամ տեղեկութիւն չունէին այդ մասին: Ծրագիրը պատրաստած էր ինքը՝ Լենինը, իսկ գործադրութիւնը յանձնուած էր Տէր Պետրոսեանին, որուն կեղծանունն էր Կամօ։ Կամոյի ընտանիքը կը ճանչնամ անձամբ։ Իր քոյրը, նոյնպէս բոլշեւիկ, կը պաշտօնավարէր քաղաքային վարչութեան մէջ. հիւանդ աղջիկ մը, որ մեռաւ թոքախտէն:

Ես կաշխատէի քաղաքային վարչութեան մէջ, իմ գրասենեակը: Ժամը 12ին, պետական գանձարանէն դուրս կու գայ գանձապահը, կը նստի կառքը եւ ոտքերուն տակ կը տեղաւորէ պարկ մը, որուն մէջ կը գտնուէ 200 հազար ռուբլիի գումարը։ Կառքի առ—