Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/118

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ջեւէն եւ ետեւէն կուղեկցին ձիաւոր կոզակները։ Իբր կառքը կանցնի Երեւանեան հրապարակը ու կը թեքուի Սոլոլաքեան փողոցը, անկիւնի տան կտուրէն, որ կը պատկանէր իշխան Սումբաթովին, ռումբ մը կը նետուի կտորի մէջ։ Երեք ուրիշ ռումբեր ալ կը նետուին կոզակներու վրայ:

Պայթիւնը այնքան ուժեղ էր, որ գրասենեակիս ապակիները կոտրատուեցան։

Օգտուելով խառնաշփոթ վիճակէն, բոլշեւիկները գանձապահի ձեռքէն կը խլեն դրամներու պարկը եւ կանյայտանան:

Տէր Պետրոսեանը, ինչպէս յայտնի եղաւ հետագային, դրամներու պարկը առնելով կը պատսպարւի մօտակայ տուներէն մէկուն մէջ եւ քանի մը օր ետք, կը յաջողի Ռուսաստանի վրայով անցնիլ Ֆինլանդիա՝ զեկուցելու Լենինին եւ յանձնելու դրամները։

Փարիզի մէջ, Լիտվինովը, որ այսօր Խորհրդային Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարն է եւ Ժնեւի մէջ կը գլխաւորէ խորհրդային պատուիրակութիւնը՝ զինաթափման համաժողողին, աշխատեցաւ մանրել կողոպտուած դրամները եւ այդ պատճառով բանտարկուեցաւ:

Տէր Պետրոսեանը, Միրսկի կեղծանունունով, Բերլինի եւ Փարիզի մէջ զէնքեր գնեց ու փոխադրեց Ռուսաստան բոլշեւիկներուն համար, սակայն ձերբակայուեցաւ ներքինի մէջ եւ, որպէսզի խուսափի Ռուսաստանին յանձնուեցաւ, ինքզինք խենթ ձեւացուց։ Բերլինի լաւագոյն հոգեբոյժները, քննութենէն ետք անգամ, չկարողացան երեւան հանել կեղծիքը։ Գեր–