Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/119

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մանացիք որոշեցին Տէր Պետրոսեանը յանձնել ռուսներուն, որպէս խենթի։ Ռուսները պայմանը ընդունեցին եւ տեղափոխեցին Տէր Պետրոսեանը Թիֆլիսի հոգեբուժարանը, ուր երկու հոգեբոյժներ՝ Օրբելի եւ Չուվնովսկի կը շարունակէն իրենց հսկողութիւնները։ Տէր Պետրոսեանի քոյրը ինձմէ խնդրեց իմանալ բժիշկներէն՝ իր եղբօր «Հիւանդութեան» մասին: Բոլշեւիկները ինձ ըսին, որ իրենք կը կասկածէն Տէր Պետրոսեանի խենթութեան իսկութեան մասին։ Տէր Պետրոսեան կը ձեւանար այնպիսի խենթ մը, որ իր սեփական աղտոտութիւնները կուտէր՝ մնալով մինակ իր խցիկին մէջ եւ գիտնալով, որ իրեն գաղտնօրէն կը հետեւին։

Մինչ այդ, Թիֆլիսի բոլշեւիկները կրցեր էին կապ հաստատել Կամոյի հետ՝ բժիշկի օգնականի միջոցով։ Ուղարկելով մէկ ձեռք հագուստեղէն եւ երկար պարան՝ հնարաւորութիւն տալով Տէր Պետրոսեանին զգեստները փոխելու, լուսամուտը կոտրելով դուրս գալու իր խցիկէն կախուելով իջնելու Կուր գետի ափը, անցնելու Վերայի կամուրջէն եւ անյայտանալու: Ոտքի հանուեցաւ ամբողջ ոստիկանութիւնը, բայց ապարդիւն։ Բանտարկուեցաւ Կամոյի քոյրը, որմէ ո մէկ տեղեկութիւն կրցան ստանալ։

Հետագային, Տէր Պետրոսեան նորէն եկաւ Թիֆլիս եւ կապզակերպեց փոստի կողոպուտը։ Գործը վերջացնելէն ետք, եկաւ քաղաքային վարչութիւն, որպէս անմեղ մէկը եւ յետոյ նորէն անյայտացաւ աննկատ կերպով:

Տէր Պետրոսեան ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ իշխանութեան կողմէ, դատուեցաւ եւ աքսորուեցաւ