Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/12

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թիֆլիսի քաղաքապետութեան շրջանին, 1914ի պատերազմի սկիզբը, հայ կամաւորական շարժումի գլխաւոր դերակատարներէն մէկը կլլայ՝ Մեսրոպ եպս Մագիստրոսի եւ Սամսոն Յարութիւնեանի հետ[1]։ Այս առընչութեամբ, 1914 Սեպտեմբերին, Խատիսեան կը նշանակուի Հայ Կամաւորական խումբերա Կարգադրիչ Մարմինի խորհրդական։ Այս մարմինը կը մնայ Թիֆլիս մինչեւ 1915ի գարունր անկէ ետք՝ կը փոխադրւի Թիֆլիս։

Ա. Աշխարհամարտի պայթումէն անմիջապէս ետք, խուճապային մթնոլորտ կը տիրէ ամբողջ Անդրկուվկասի մէջ։ Խատիսեան կը ծրագրէ դուրս գալ այս թոհուրոհէն։ Այդպէս է, որ կը ձեռնարկէ Կովկասեան Քաղաքների Միութեան ստեղծման, որուն նախագահի պաշտօնը կը վարէ՝ 1914-17։ Այս Միութեան շնորհիւ, որ կը բաղկանար Կովկասի 44 քաղաքներու ներկայացուցիչներէն, Կովկասը կը ստանայ քաղաքական կարեւոր կշիռ եւ մաս կը կազմէ Համառուսական Քաղաքների Միութեան, որ նկատառելի եւ բաւական շօշափելի դեր կը կատարէ պատերազմի օրերուն եռեւեփող յեղափոխական շարժումին ի նպաստ։

Իբրեւ նախագահը Կովկասեան Քաղաքների Միութեան, 1916ին կը մասնակցի Համակովկասեան Համագումարին, որ կը նպատակադրէր Գաւառային Ինքնավարութեան՝ գեմսվոյի գործունէութեան ընդլայնումի նախագիծ մշակել: Մաս—

  1. Լազեան, անդ., էջ 305: