Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/120

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սիբերիա։ 1917ին ազատելո՝ եկաւ Թիֆլիս եւ մեռաւ՝ իյնալով օթոմոբիլի տակ։ Ստալինի յատուկ հրամանով օթոմոբիլի վարիչը անմիջապէս գնդակահարուեցաւ:

Բոլշեւիկները թուով շատ քիչ էին Կովկասի մէջ, բայց միշտ աւելի եռանդուն եւ գործունեայ էին։ Շատեր, որոնց ես կը ճանչնամ դեռ 1905 թուականէն, այսօր Անդրկովկասեան Հանրապետութիւններուն եւ Ռուսաստանի մէջ առաջնակարգ դեր կը կատարեն, ինչպէս օրինակ՝ Մախարաձէ, Էլիաւա, Օրեխելաչվիլի, Երզնկեան, Խանոյեան, Ցխակայա եւ վերջապէս Ջուղաչվիլի — Սսալին: Այս հանգամանքը ցոյց կու տայ, որ յեղափոխութեան յորձանքը չէր, որ վեր բարձրացուց այս մարդիկը, այլ այն յամառ, յեղափոխական աշխատանքը, որուն հետեւեցան անոնք վերջնական նպատակի համար՝ քսան տարի շարունակ ու հասան իրենց նպատակին։

Սոցիալ—դեմոկրատ փոքրամասնականները (մենշեւիկները), այդ ժամանակ, զբաղած էին մասնակի ահաբեկումներով։ Անոնք սպաննեցին շտաբի պետ Գրեազնովին եւ շարք մը ոստիկաններ, ժանտարմներ: Կառավարութիւնը կը պատասխանէր ջարդերով, որմէ կը տուժէր ժողովուրդի ոչ մեղաւոր մասը եւս։ Թիֆլիսի դատաւորներէն մէկը ինձ կըսէր.

«Եթէ ոճրագործութեան վայրին վրայ բռնուի ոեւէ մէկը սեւ շապիկով, ան պէտք է դատուի որպէս ահաբեկիչ. որովհետեւ եթէ ան չէ սպաննած, միեւնոյնն է՝ օր մը պիտի սպաննէ ոեւէ մէկը»:

Լաւ կը յիշեմ երկու այդպիսի դէպքեր։