Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/121

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Անգամ մը, նստած Թիֆլիսի նահանգապետ՝ Կաուչ Ֆոն Տրաուբենբերգի մօտ, կը զրուցէինք գործերու մասին: Յանկարծ լսուեցաան հրացանի համազարկեր։ Նահանգապետը իր զինուորներէն մէկր ուղարկեց իմանալու եղելութիւնը: Կէս ժամէն, զինւորը վերադարձաւ եւ իր գիւղացիական պարզութեամբ զեկուցեց. «Այնպէս որ, Ձերդ Գերազանցութիւն, փողոցի մէջ մէկ ոստիկան են սպաններ եւ փախեր։ Մեր զինուորները կը բարդեն մօտակայ տան բնակիչները։ Դուռը կողպած են եւ կաշխատին ներսը»։ Նահանգապետը իսկոյն ուղարկեց իր համհարզին՝ դէպդի առաջքն առնելու համար։ Համհարզը վերադարձաւ եւ զեկուցեց, որ զինուորները սպաննած են տան բոլոր տղամարդ բնակիչները, թալանած են տունը եւ քաշուած։

Երկրորդ դէչքում հետեւեալն էր։

Թիֆլիսի մէջ կար ոստիկանապետ մը, Մարտինով, որ Թիֆլիսի սպաներէն էր եւ աւելի ուչ դարձաւ Բագուի քաղաքաապետ: Յեղափոխականները քանի մը անգամ փորձեցին սպաննել զինք, բայց անյաջող։ Օր մը, նսաած էի իր մօտ, լուսամուտի առջեւ: Մարտինովը խնդրեց տեղափոխուիլ ուրիշ տեղ՝ պատճառ բռնելով, որ կրնան զիս իր տեղը ընդունել եւ սպաննել: Քանի մը օր ետք, ազնուական Գիմնազիոնի շէնքին առջեւ, իր վրայ ռումբ մը նետուեցին։ Իշխանութիւնը վրայ հասնելով՝ անմիջապէս խուզարկած էր Գիմնազիոնի շէնքը եւ սպաննած տեսոուչ՝ Ձինվաղզէն, որ ի հարկէ ոչ մէկ կապ ունէր ահաբեկումին հետ:

Այս օրինակներէն պարզ է, թէ ինչպի՜սի սաստ–