Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/122

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կութեամբ եւ կատաղութեամբ կը տարուէր կռիւը իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ:

Ժողովուրդը ուրիշ միջոց չունէր պայքարելու իր ազատութիւններու համար։ Չկար ոչ մէկ օրինական ճամբայ պայքարի համար։ Վիհ մը բացուած էր իշխանութեան եւ ժողովուրդի միջեւ: Կեդրոնական Ռուսիոյ մէջ կացութիւնը աւելի վատթար էր։ Այնտեղ մեծ վիհ մը կար ոչ միայն իշխանութեան եւ ժողովուրդի, այլեւ ժողովուրդի եւ մտաւորականութեան միջեւ: Ահա թէ ինչո՛ւ, բոլշեւիկեան յեղափոխութեան ժամանակ, գիւղացիութիւնն ու զինուորութիւնը բոլշեւիկներու գիրկը նետուեցան եւ իրենց հաշիւները մաքրեցին երկուքին հետ ալ։

Կովկասի մէջ, բարեբախտաբար, վերջին երեւոյթը գոյութիւն չունէր։ Իշխանութիւնը հաւասար թշնամութեամբ կը նայէր քննադատական բոլոր ձգտումներուն։ Ամէնէն անմեղ դիմադրութիւնը եւ ձախակողմեան աքաբեկչական փորձը մէկ ակնոցով կը դիտուէր իր կողմէ այս հանգամանքը շատերը կը դասէր ընդիմադիրներու շարքը։ Յետադիմական կառաւարութիւնը թոյլ չէր տար որեւէ ազատ արտայայտութիւն։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս հսկողութեան եւ հակակշռի կենթարկուէին այն բոլոր գումարները, որոնք կը յատկացուէին նոյնիսկ այնպիսի անմեղ հիմնարկութիւններու, ինչպիսին էր, օրինակ, հրշէջներու գունդը։ Ամենահասարակ պաշտօնեաներու նշանակումը կախում ունէր իշխանութեան հաստատումէն, որովհետեւ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի մէջ անոնք կը տեսնէին քաղաքական անբարեյոյսին մէ–