Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/123

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը։ Այս հանգամանքը կը գրգռէր ամբողջ ժողովուրդը՝ ընդդէմ իշխանութեան:

Պատմեմ դէպք մը եւս, ցոյց տալու համար, թէ ինչպիսի անմտութեամբ իշխանութիւնը կը թափէր քաղաքացիներու արիւնը եւ հրդեհի կու տար անոնց կայքերը։

Զինուորական շուկայի մօտ, անծանօթ մէկը ռումբ մը կը նետէ կողակներու վրայ։ Դէպքը տեղի կունենայ Հայկական Ներսիսեան դպրոցի մօտերը։ Անմիջապէս թնդանօթներ կը բերեն, կը ռմբակոծեն եւ կայրեն դպրոցը, իսկ շէնքէն ելլողները կը սպաննեն։

Ի՞նչ խօսք կարող է լինել համերաշխութեան եւ խաղաղութեան մասին այսպիսի մթնոլորտի մէջ։ Գոյոէթիւն չունէր ազատ խօսք, մամուլի ազատութիւն. քաղաքային վարչութիւնների իրաւունքը կրճատուած էր. քաղաքական կուսակցութիւնները նկուղներն էին մտած. գիրը երկրի խոքերերն էր մտած՝ նորէն դուրս գալու համար:

Անսովոր աչքերու համար, յեղափոխութիւնը վերջացած էր արդէն։ Բայց ներքնայարկերու մէջ կը պատրաստուէին յեղափոխական նոր շարժումներ։

Մենք ալ մեր պատմութեամբ հետեւինք նկուղային այդ շարժումներուն: