Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/124

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ Ջ.

ԿՈՒՍԱԿՑՈԻԹԻԻՆՆԵՐՈԻ ՆԿՈՒՂԱՅԻՆ

ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԵԻ ԻՄ ԿԱՊԸ ԱՆՈՆՑ ՀԵՏ

(1907-14)

Մտնելով նկուղները կուսակցութիւնները չդադրեցուցին իրենց կազմակերպչական եւ քարոզչական աշխատանքները: Հալածաուած իշխանութենէ՝ անոնր առաջին հերթին ջանացին լեցնել ձերբակալուած եւ աքսորուած անդամներու տեղը: Կուսակցութիւններու առաջին քայլն եղաւ կարգի բերել ներքին մեքենան, կապ հաստատել կեդրոնի եւ ծայրագաւառներու միջեւ, այսինքն՝ լծուիլ զուտ ներքին աշխատանքներու:

Քաղական դէպքերը ծանր հարուած էին հասցուցած եւ կուսակցական շարքերուն։ Շատ համակիրներ քաշուած էին ասպարէզէն եւ մեծ թիւով կուսակցականներ ի սպառ չէզոքացած: Ինչ ըսել կուզէ, որ կուսակցական եռանդուն եւ Հաւատարիմ տարրը միշտ շարքերուն հետ էր վտանգի ամենադժուար րոպէներուն անգամ:

Կուսակցական ուժերու վերահաստատման համար, կուսակցութիւնները ընտրած էին երկու ճանապարհ. մէկը՝ արհեստակցական միութիւններու կազմակերպումը, իսկ միւսը՝ ժողովրդական համալսարանի եւ մեծերու համար բացուած դպրոցներու քօղին տակ դասախոսութիւններու կազմակերպումը: