Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/125

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Արհեստակցական միութիւններու կազմակերպման աշխատանքներու առընչութեամբ, վրացի[1] սոցիալ — դեմոկրատները չափազանց մեծ եռանդ կը թափէին այս ձեռնարկներու մէջ, ես կօգնէի անոնց խօսքով եւ գործով։ Արհեստակցական միութիւններու մէջ, դասախօսութիւններ կու տայի արհեստակցական շարժումներու մասին, կամ հանդէս կու գայի որպէս հաշտարար դատաւոր, բանւորներու եւ գործատէրներու մէջեւ:

Արհեստակցական միութիւններու մէջ, կարեւոր տեղ կը բռնէր այն հարցը, թէ այդ միութիւնները պէտք է լինին կուսակցակա՞ն, թէ անկուսակցական։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կարծիքով արհեստակցական միութիւնները պէտք է լինէին կուսակցական, իսկ վրաց փոքրամասնականները կը պնդէին անկուսակցական կազմակերպութիւններու վրայ։

Վրացիներու տեսակէտը պարզ էր. անկուսակցական անուան տակ՝ անոնք կուզէին գրաւել հայ բանուոր զանգուածները եւ իրենց ուզած ձեւով ղեկավարել միութիւնները։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մտածողութիւնը այլ էր. եթէ արհեստակցական միութիւններու դերը քաղաքակ պայքարն էր,

  1. Յուշագրութեան մէջ, առնուազն տող մը կը պակսի. տեսնել՝ «Հայրենիք» ամսագիր, ժ. Տարի, թիւ 9 (117), Յուլիս 1932, էջ 96բ.։ Մեր կողմէ աւելցուցած ենք փակագիծներու մէջ առնուած բառերը՝ պարբերութիւնը ամբողջացնելու նպատա–