Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/126

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ապա ուրեմն դժուար էր անոնց կեանքը զատել կուսակցութեան ընդհանուր կեանքէն ու շարժումներէն. կուսակցականօրէն կազմակերպուած միութիւններն են, որ ի վերջոյ մաս պիտի կազմէն արհեստակցական ընդհանուր Դաշնակցութեան:

Կը յիշեմ այդ միութիւններու առաջին ժողովները, որոնք տեղի կունենային Դիտրիխի գարեջրային գործարանին մէջ. անոնց կը մասնակցէին բանուորական պատգամաւորները, ընտրուած մեծ արհըստանոցներէն: Պէտք է ըսեմ, որ բացի կաշեգործարաններէ, երկաթուղային եւ Հանրակառքի արհեստանոցներէն, աջքի ընկնող մեծ գործարաններ չկային, ուր համախմբուած ըլլային բանուորական մեծ բազմութիւններ: Թիֆլիս ընդհանուր առմամբ մանր արտադրողներու եւ արհեստաւորներու քաղաք էր։ Բանուորները սիրով կը մասնակցէին արհեստակցական շարժումներուն, որովհետեւ իրենց համար այդ միակ միջոցն էր խմբովին մասնակցելու գործարանատիրոջ դէմ մղուող պայքարին, աշխատավարձը բարձրացնելու եւ աշխատանքի ժամերը կրճատելու համար։

Իշխանութիւնը առանձին մտահոգութիւն չունէր արհեստակցական շարժումներէն: Կովկկասը, եթէ հաշուի չառնենք Բագուին, ուր նաւթի արդիւնաբերութեան շնորհիւ հաւաքուած էր մօտ 30,000 բանւոր, չունէր սուր կերպով դրուած՝ բանուորական հարց: Գործարանները, այն ալ քիչ թիւով, ցրուած էին ամբողջ երկրի մէջ. հանգամանք մը, որ կարագիլէր բանուորական զանգուածներուն կեդրոնանալ մէկ վայրի մէջ կազմակերպուելու համար։